
Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը Պիտի Քննարկէ Արցախի Ցեղասպանութիւնը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը 19 Սեպտեմբերին պիտի իրականացնէ քննարկում մը` Արցախի մէջ ազրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման եւ արցախահայութեան դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին: Յանձնախումբը պիտի քննարկէ նաեւ ազրպէյճանի կառավարութեան հակադրուելու պատճառով բռնաճնշումներու զոհ դարձած ազրպէյճանցիներուն հարցը:
Քննարկումը նախաձեռնութիւնն է յանձնախումբի համաատենապետներ` քոնկրեսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճէյմզ ՄըքԿավըրնի:
Յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.
«ազրպէյճանի կառավարութիւնը մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ վատ ցուցանիշ ունի: Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի` ազրպէյճանի բռնատէր իշխանութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ իլհամ ալիեւի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքին ձեռքը. իլհամ ալիեւ նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2003-էն ի վեր: ազրպէյճանի մէջ կաշառակերութիւնը համատարած է, իսկ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացած` տարիներէ ի վեր շարունակուող հալածանքներու պատճառով: Իշխանութիւնները վերջին տարիներուն լայնածաւալ ոտնձգութիւններ կատարած են քաղաքացիներու ազատութիւններուն դէմ»:
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ երբ Սեպտեմբեր 2023-ին ազրպէյճանի կառավարութիւնը ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց` Արցախի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով, կղզիացած տարածքին մէջ գտնուող հայերուն համար կացութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ, եւ տեղւոյն հայութիւնը ապաստանեցաւ Հայաստան:
Պիտի քննարկուին ակնյայտ ցեղային զտումները եւ այդ հարցին վերաբերեալ շարք մը նիւթեր, ներառեալ` գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ հայկական մշակութային վայրերու իրավիճակը` Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու վերադարձի իրաւունքը:
Քննարկումներուն ընթացքին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան «Քրուտ Ըքաունթապիլիթի» կազմակերպութեան հիմնադիր Քէյթ Ուոթըրզ վկայութիւններ պիտի տան: