Եւրոպացիները Յանուն Արցախի Հարթակը COP29-ի Շուրջ Կատարուող Աշխատանքներուն Մասին Ժողով Գումարեց
6 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպացիները Յանուն Արցախի հարթակին (Europeans for Artsakh) առցանց հանդիպումը մասնակցութեամբ՝ Անգլիոյ, Գերմանիոյ , Կիպրոսի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Պելճիքայի,Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններուն:
Օրակարգի հիմնական նիւթն էր պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի ընդառաջ Արցախահայութեան ի նպաստ տարուած քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքները:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախաձեռնութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քարոզչական արշաւներու մասին զեկուցեց Մարիանա Վարդանեան: ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ COP29-ի գծով կատարուած եւ գալիք աշխատանքները ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Ժողովի մասնակիցները հաստատեցին, որ չափազանց կարեւոր է որ եւրոպահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկէ իր ուժերը որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ ճնշում բանեցնել ազրպէյճանին վրայ հետեւեալ նպատակներով՝
– Արցախի Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերիներու ազատ արձակում
– Արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ արտաքին քաղաքական զօրակցութեան ապահովում եւ պաքուի վրայ համապատասխան միջազգային ճնշում
– ազրպէյճանական ցեղային զտումի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտում
– Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացում
– Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորում
Ժողովը նաև անդրադարձաւ ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 76 երեսփոխաններու անբաղձալի անձերու ցուցակին ներարելու որոշումին: Ժողովին մասնակիցները դատապարտեցին ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս քայլը և որոշեցին զօրաւիգ կանգնիլ իրենց մուտքը պաքու արգիլուած երեսփոխաններուն: