Մալխաս Ամոյեանը՝ Փարիզի Ողիմպիական Խաղերու Պրոնզէ Մետալակիր
Աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեանը փառահեղ յաղթանակով նուաճեց Փարիզի մէջ իրականացուող Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական մրցաշարին 77 քկ քաշային կարգի պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին 22-ամեայ Մալխաս Ամոյեանը գօտեմարտեցաւ աշխարհի փոխ ախոյեան, Ասիոյ առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր, Ուզպեկիստանը ներկայացնող Արամ Վարդանեանի հետ եւ յաղթեց 6:5 հաշուով:
Մրցակիցները գօտեմարտին սկիզբը գրկախառնուեցան, յետոյ մեկնարկեցին։