Աշխարհը Կրնայ Մոռացութեան Տալ Հայ Գերիներն ու Ռազմագերիները, Իսկ Մենք՝ Երբեք․ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին Նախաձեռնութիւնը (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Լէօ Սարգիսեան եւ Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան ծրագրի փորձնակները ԱՄՆ քոնկրեսի նիստերու գումարման շէնք (Քաբիթոլիում) կատարած ճանաչողական այցին ընթացքին կրած են պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու լուսանկարներով շապիկներ։ ԱՄՆ քոնկրեսականներու հետ զրոյցներուն ընթացքին փորձնակները լոպպինկ իրականացուցած են ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող օրինագիծի ընդունման համար։