Սրբազանին Կը Սպառնան ՀՀ Իշխանական Պատգամաւորները եւ թրքական Մամուլը. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Սրբազան պայքար» telegram-եան ալիքը արձագանգած է ԱԺ ՔՊ-ական պատգամաւոր, գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի ՝ ԱԺ-ի մէջ ունեցած ելոյթին։

«Ազգային ժողովի իշխանական պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանը, անդրադառնալով «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման ընթացքին, այսօր յայտարարած է, որ շարժման առաջնորդները, ընդդիմադիր գործիչները եւ այլն, կրնան մեռնիլ կամ բանտարկուիլ, կամ այլ կերպ հալածուիլ։

Իշխանական պատգամաւորը, ըստ էութեան, Ազգային Ժողովի ամպիոնը կ՝օգտագործէ ժողովուրդին ու մեզի սպառնալու համար։ Կը սպառնայ այն նոյն ժողովուրդին, որուն հազարաւոր զաւակներ այդ նոյն իշխանութիւններու ապաշնորհ կառավարման իբրեւ արդիւնք զոհուած են սահմանի վրայ։ Նաեւ կը սպառնայ արցախցիներուն՝ ըսելով, որ եթէ շարունակեն մասնակցիլ ցոյցերուն պիտի զրկուին նպաստներէն ու ապագային բնակարան ստանալու հնարաւորութենէն։ Իրենք կը սպառնան ունեզրկմամբ ու սպանութեամբ։ Ատիկա պարզ պատկերն է, թէ մենք ինչ կ՝ուզենք, իրենք ինչ կ՝ուզեն։ Այդ վարքագիծը, որ մինչ այդ թաքնուած էր, հիմա կը դրսեւորուի։

Բայց գիտէ՞ք ինչն է ամենահետաքրքրական եւ կարեւոր հանգամանքը։ Այն, որ մեզի միայն Սուքիասեանը չսպառնար։ Նման սպառնալիքներ մենք նախապէս ստացած ենք։ Բացէք թրքական մամուլը եւ տեսէք, թէ ինչ կը գրէ էրտողանի զարմիկ զենկիզ էրիկին պատկանող «SüperHaber.com» ելեկտրոնային պարբերականը։ Ահա վերնագիրը.  «Ո՞վ պիտի սպաննէ Բագրատ սրբազանը… Մեղքը պիտի դնեն թուրքերուն վրայ»:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, իբր հայերը պիտի սպաննեն Բագրատ Սրբազանը եւ մեղքը դնեն թուրքիոյ կամ ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն վրայ։ Ու հիմա, երբ կը համադրենք Սուքիքասեանին ըսածը եւ էրտողանի ընտանեկան թերթին գրածը, պատկերը շատ աւելի յստակ կը դառնայ։ Մեր ժողովուրդին թշնամիները լաւ կը հասկնան, թէ ինչի մասին է այս պայքարը։ Անոնք լաւ կը գիտակցին, որ հայ ժողովուրդը պիտի ուղղէ իր մէջքը եւ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթէ սուտին։ Անոնք լաւ գիտեն, որ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անվերջ ստորացման այս շղթան շուտով պիտի կտրուի։ Ատոր համար ալ կը սպառնան»,- կը նշուի գրառման մէջ։