Պիտի Հասնինք Այս Մարդոց Հեռացման, Ուրիշ Ձեւ Չունինք, Այլընտրանք Չեն Ձգած․ Սրբազան (տեսանիւթ)
«Այս շարժման նպատակը մեր երկրի վերականգնումը, մեր երկրի ապաքինումը, զարգացումն է»,- Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ ըսաւ Բագրատ Սրբազանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։
Ան վերահաստատեց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ գործող իշխանութեան հեռացման պահանջը։
«Պիտի հասնինք այս մարդոց հեռացման, ուրիշ ձեւ չունինք մենք, ուրիշ կերպ չկայ, այլընտրանք չեն ձգած ուղղակի։
Հայրենիքի, պետութեան հսկայական հատուածի զիջումը կը ներկայացնեն իբրեւ յաղթանակ։ Կրանատայի հանդիպումէն ետք ալ կը յայտարարէին՝ «Հայաստանը յաղթանակ կքնած է», «Անկլաւներու հարց չկայ»․ կը տեսնէ՞ք՝ հիմա ինչ տեղի կ՝ունենայ։ Այս սուտի շղթան պէտք է կտրենք։
Ժողովուրդ, ամէն մէկդ դուք ձեզի հաշիւ տուէք՝ հա՞շտ էք այս իրավիճակին հետ, թէ՞ ոչ։ Եթէ հաշտ չէք, հնարաւորութիւն կայ, որ իրավիճակը դարձնենք ի նպաստ մեզի՝ ի նպաստ մեր պետութեան։
Մեր հայրենիքի, մեր պետութեան, մեր ժողովուրդի շահէն բացի, այլ բացարձակ արժէք գոյութիւն չունի»,- շեշտեց Բագրատ Սրբազանը։
«Համբերատար, քայլ առ քայլ, պիտի ընթանանք դէպի մեր նպատակակէտը։ Ատիկա կ՝ընենք։ Երբեմն դանդաղ կը թուի, կը թուի՝ այս ալ այնպէս չեղաւ, բայց ո՛չ, այդ ամէնը մաս կը կազմէ ամբողջական գործընթացի»,- ըսաւ Բագրատ Սրբազանը։
«Այս շարժումը մէկ-երկու օրուայ պատմութիւն չէ, որ պաթոսային պոռթկում ըլլար, ու վերջ։ Երանի այդպէս ըլլար լուծումը, բայց գիտենք՝ մեր դիմացը ով կանգնած է։ Բայց անյաղթահարելի չեն իրենք։ Այն սուտը, որ ստեղծած են, թէ այս կ՝ընեն, այն կ՝ընեն, արիւն կը թափեն, այդ սուտը չկայ, այդ ուժն ալ չկայ, ժողովո՛ւրդ»,- աւելցուց ան։
Բագրատ Սրբազանը հաւաստիացուց նաեւ՝ պայքարէն ետ պիտի չի կանգնի։
«Ես այս պայքարէն ոտք ետ դնողը չեմ, եթէ մինակ ալ մնամ այս հրապարակին վրայ․ կարեւոր չէ։ Եթէ ոչ ոք ալ մնայ, մինակ ալ ըլլամ, ես ոչ մէկ քայլ ետ դնելու ճանապարհ կը տեսնեմ ինծի համար։ Հետեւաբաար, մեր երթալու տեղը առջեւն է, ոչ թէ ետեւը»,- ըսաւ ան։