Սամպիստ Մայիս Ներսիսեանը՝ Եւրոպայի Ախոյեան
Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ իրականացուող սամպոյի Եւրոպայի առաջնութեան մարտական սամպոյի 64 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Մայիս Ներսիսեանը ջախջախիչ հաշուով /11:00/ յաղթած է ու հռչակուած Եւրոպայի ախոյեան: Այս մասին կը յայտնէ Armsport-ը։
Եւրոպայի առաջնութեան մրցումային առաջին օրը հայ սամպիստները նուաճած են հինգ մետալ:
64 քկ քաշային Նարեկ Դալլաքեանը, 98 քկ քաշային Արսէն Խանջեանը եւ մարտական սամպոյի 54 քկ քաշային Արփինէ Մնացականեանը դարձած են արծաթէ մետալակիրներ, իսկ մարտական սամպոյի 71 քկ քաշային Մհեր Մերջանեանն ու 88 քկ քաշային Աւետիք Պօղոսեանը նուաճած են պրոնզէ մետալներ:
Այսօր՝ մրցումային երկրորդ օրը Սրբուհի Յովակիմեանը կանանց մարտական սամպոյի 59 քկ քաշային կարգին մէջ արժանացած է պրոնզէ մետալի:
Յիշեցնենք՝ Սերպիոյ մէջ ընթացող առաջնութեան ներկայացուած են 30 երկիրներու մեծահասակներու, երիտասարդական եւ պատանեկան խումբերու մարզիկ-մարզուհիներ:
Անոնց շարքին մէջ են մեր երկրի մարզական եւ մարտական սամպոյի 39 ներկայացուցիչներ: