Եկեղեցին Պիտի Շարունակէ Պատմական Պատասխանատուութեան Գիտակցութեամբ Ջանքեր Ներդնել Յանուն Հայրենիքի եւ Պետականութեան Զօրացման․ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ
Յայտարարութիւն
Տաւուշի մարզէն տարածքները ազրպէյճանին միակողմանիօրէն յանձնելու իրողութեան եւ բանակցութիւններուն մէջ ՀՀ իշխանութիւններուն որդեգրած անընդունելի դիրքորոշումներուն առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը վերահաստատէ նախընթաց արտայայտուած իր դիրքորոշումը։
Խիստ վտանգաւոր կը համարենք առանց համապարփակ ու երաշխաւորուած լուծումներու Տաւուշի սահմանամերձ շրջանին մէջ սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքոյ իրականացուող գործողութիւնները, որոնք նոր սպառնալիքներ կ՝առաջացնենք մեր ժողովուրդին համար։ Ստեղծուած կացութիւնը արդարացի ընդվզում յառաջացուցած է աշխարհասփիւռ հայութեան եւ, մասնաւորապէս, Տաւուշի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն մէջ՝ պատճառ դառնալով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» քաղաքացիական շարժման սկզբնաւորման:
Առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներուն յանդիման հոգեւոր սպասաւորները, տուեալ պարագային` Տաւուշի թեմի եկեղեցականները` թեմակալ առաջնորդի գլխաւորութեամբ, հաւատարիմ իրենց հոգեւոր առաքելութեան ու կոչման, չեն կրնար անտարբեր մնալ ու անհաղորդ՝ իրենց խնամքին յանձնուած ժողովուրդի անհանգստութիւններուն ու կարիքներուն:
Մեր ժողովուրդի զաւակները կը յորդորենք արդար մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները արտայայտել բացառաբար խաղաղ ճանապարհներով եւ դրսեւորել հանդարտութիւն ու զսպուածութիւն՝ զերծ մնալով հակաօրինական գործողութիւններէ: Հասարակական կարգի պահպանութեան համար պատասխանատու ծառայութիւններէն կ՝ակնկալենք բացառապէս օրէնսդրութեան խիստ համապատասխան գործելաոճ։
Կոչ կ՝ընենք նաեւ իշխանութիւններուն` անսալու ժողովուրդի հիմնաւոր պահանջներուն եւ խաղաղութեան ուղղուած գործընթացներուն մէջ առաջնորդուելու այնպիսի մօտեցումներով, որոնք չեն մեծցներ անվտանգային սպառնալիքները՝ խորացնելով մեր հանրութեան մէջ անպաշտպանուածութեան եւ անորոշութեան զգացումները: Կարեւոր համարելով սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացները՝ միաժամանակ կը հաստատենք, որ այդ աշխատանքները պէտք է իրականացուին պատերազմի բացառման, Հայաստանէն բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձման եւ բնակավայրերու անվտանգ ու անխաթար կեանքի ապահովման երաշխիքներու առկայությեան պայմաններուն մէջ։
Ազգային մեր արժանապատուութիւնը, հայրենի պետութեան եւ սրբազան արժէքներու հանդէպ նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը պէտք չէ տեղի տան անյուսութեան, անհանդուրժողութեան եւ երկչոտութեան, թշնամանքի եւ ատելութեան առջեւ։
Եկեղեցին, չունենալով քաղաքական իշխանութեան յաւակնութիւններ, պիտի շարունակէ պատմական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ջանքեր ներդնել յանուն հայրենիքի եւ պետականութեան զօրացման, մեր ժողովուրդի ինքնութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազգային կեանքի մէջ միասնականութեան ու եղբայրասիրութեան ամրապնդման՝ նպաստելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու ամրապնդման։
Մեր աղօթքն է, որ Երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ մեր երկիրը եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս զօրացնէ սիրոյ, համերաշխութեան ու միաբանութեան ոգին: Ամէն: