Հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը Միասնական Շարքերով, Ժողովրդային Ջահերթով Ոգեկոչեց Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ Տարելիցը (նկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկներուն մեկնարկը կատարուեցաւ ժողովրդային ջահերթով։

Արդարեւ, Կիրակի, 21 Ապրիլին, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը միասնական շարքերով, ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչեց Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական միութիւններ ներկայացնող խումբերով քալեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն՝ իր յարգանքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ յիշելու, պահանջելու իր ուխտը վերանորոգելով։

Ջա­հեր­թը կազ­մա­կեր­պած էր ՍԵՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը: Անոր կը մաս­նակ­ցէ­ին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հայոց Առաջ­նորդ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի պատասխանատու, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, Ազգ. իշխա­նու­թեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու, ներկայացուցիչներ ու հա­րիւ­րա­ւոր հալէպահայեր։

Ջահեր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հանրապետութեանց զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը։

Յա­ջոր­դա­բար ջա­հե­րով տո­ղան­ցե­ցին ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան շար­քե­րը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ) , Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան (ՔՈՄ) , Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ), Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ու Հա­մազ­գա­յի­նի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական առաքելութեան խումբը, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օր­ուան կար­գա­խօ­սը պար­զող եւ Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ու ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով:

Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տան մուտ­քին փո­ղե­րա­խում­բը հն­չե­ցուց Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րը:

Գերեզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերները, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։

Ազգ. գերեզմանատան մէջ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ խօսք առին՝ Յակոբ Շահինեան (հայերէն) եւ Յարութ Սումպուլեան (արաբերէն)։ Գեղարուեստական կարճ յայտագիրէ մը ետք օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։

Այնուհետեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րին առ­ջեւ զե­տեղ­ուե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ, ապա հայ հո­գե­ւոր պե­տերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավա­ռե­ցին յու­շա­քա­րին մօտ գտ­նուող ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջա­հը։

Ջահերթին ներկայ էին սուրիական լրատուամիջոցները, իսկ «Ռատիօ Երազ»-ը ջահերթը կը սփռէր ուղիղ եթերով։

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»