Արձանագրե՛լ Ցեղասպանական Քաղաքականութեան Փաստերը Եւ Վերականգնե՛լ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքները․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Այսօր, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կը մեկնարկէ «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրը կրող համագումարը: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն 30 պատմագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ երեք օրերու վրայ կը քննարկեն շատ հրատապ խնդիրներ` մեր հայրենիքի գոյաբանական սպառնալիքներուն, մեր ժողովուրդի ապրած նորագոյն ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներու վերացման հետ կապուած ուղիներուն վերաբերող:

Պատահական չէ, որ Ապրիլ 24-ի նախօրէին կը կազմակերպուին այս քննարկումները: Սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը, որ ցեղային զտումներ կազմակերպելով ամբողջովին հայաթափեց Արցախը, ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներ, ուժի միջոցով կ՛առաջադրէ բանալ թուրանական կամուրջը եւ ի՛ր կողմէ թելադրուած պայմաններով կնքել նոր համաձայնագիրներ Երեւանի հետ:

Խաղաղութեան կեղծ օրակարգին տակ Երեւանի այսօրուան ներկայացուցիչները պատրաստ են միակողմանի զիջումներով ընդառաջ երթալու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ճշդած պայմաններուն: Փաստօրէն հայկական կողմը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ նախքան սահմանազատման օրակարգի առարկայացումը գիւղեր յանձնելու, անքլաւներու հարցը լուծելու  եւ միաւորներով յայտարարուած տարածութեան չափերը փոքրացնելու: Երբ Ազրպէյճան որեւէ նշում չի կատարեր իր ներխուժած տարածքներէն հեռանալու, իսկ Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը պայմանաւորել Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումով:

Նախապայմանային քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Եւ հիմա, բոլոր ժամանակներէն աւելի հայ ժողովուրդը ա՛յս փուլին իր վրայ պարտադրուող պայմանները մերժելու  կեցուածքները դրսեւորելու հրամայականին առջեւ կանգնած է:

Այս համագումարը նաեւ ա՛յդ անհրաժեշտութիւնը կը բովանդակէ:

Ամէն բանէ առաջ ուղենշելու միջազգային ուղիները Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան համարժէք հնչեղութիւն ապահովելու, բայց նաեւ ցեղասպան պետութիւնը եւ անոր ղեկին յայտնուածները քրէականացնելու միջազգային ատեաններու ճամբով: Ցեղասպանութեան ուխտի բոլոր բաղադրիչներու Արցախի մէջ առարկայացումը փաստելու` շրջափակումէն, ազատ տեղաշարժի արգելափակումէն, սովամահութենէն, անցակէտերու վրայ կատարուած առեւանգումներէն, խաղաղ բնակչութիւն կոտորելէն, ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմելէն, մինչեւ ցեղային զտումի զանազան արարներ, մինչեւ բռնի տեղահանում, ամբողջական հայաթափում, ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեկուսացում, գերիներու քաղաքական նպատակի շահագործում, մինչեւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում:

Այս թղթածրարը չի վերաբերիր միայն 44-օրեային կամ սեպտեմբերեան գործողութիւններուն: Անոր ակունքները, գէթ Արցախի մասով, կ՛երթան մինչեւ Սումկայիթ, Կիրովապատ, Պաքու, հասնելու համար Պուտափեշտ, Թալիշ, ծերունիներու մարմնական անդամահատումներէն կացինահարում կամ կիներու դիակներու պղծում:

Այս բոլորը մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն տխուր էջերու փոքրագոյն մասնիկին նշումներն են: Այս բոլորի մասին փաստահաւաքներ կ՛իրականանան եւ միջազգային քրէական ատեաններու մօտ հայցադիմումներ կ՛արձանագրուին:

Ցեղասպանութեան փաստի արձանագրումը անշուշտ ինքնանպատակ չէ եւ պատահական չէ, որ համագումարի խորագիրը կը ներառէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: Առաջին հերթին կա՛յ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման առաջադրանքը, որ պայմանաւորուած է միջազգային նոր երաշխիքակազմով: Իրաւունքներուն մէջ առանցքային բաժին է ինքնորոշման  իրաւունքը, որուն վրայ կառուցուած է Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման բանակցային փիլիսոփայութիւնը:

Արձանագրել ցեղասպանութեան փաստը, պահանջել վերադարձի իրաւունքը, նոր երաշխաւորութեամբ եւ փուլ առ փուլ վերականգնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Այս համագումարը ճանապարհային քարտէսի մը գծման իրաւաքաղաքական նախապատրաստութիւնն է: Մեր համահայկական օրակարգի ձեւաւորման միտող հաւաք մը:

Անթիլիասի մէջ մասնագիտական համախմբուածութեան այս եռօրեայ աշխատանքները թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ օրհասի առումներով ուղենշային են: Արձանագրելու համար Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանական քաղաքականութեան փաստերը եւ նախանշելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման նպատակով իրաւաքաղաքական հետագայ աշխատանքները: