Հայաստանի Բռնցքամարտիկները 5 Մետալ Շահեցան Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան
Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները 3 արծաթ մետալ, ինչպէս նաեւ 2 պրոնզ մետալ շահեցան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը:
Արծաթէ մետալ շահած են 51 քկ կշիռի Դաւիթ Սաֆայեան, 92 քկ կշիռի Դաւիթ Սիմոնեան եւ գերծանր կշիռի Միսաք Տեպանեան:
Հայաստանի հաւաքականի Էրիք Առստամեան եւ Լուսիա Աւետիսեան նուաճեցին պրոնզ մետալներ:
Նշենք, որ Սերպիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը, եւ Հայաստանի հաւաքականը այդ ախոյեանութեան պիտի մասնակցի 19 մարզիկով: