Համազգայինի 95-ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւնը Աթէնքի Մէջ (նկարներ)

Սփիւռք

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ներ­կայ գտնուե­ցան ­Կի­րա­կի, 7 Ապ­րիլ 2024-ին, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րո­նին մէջ, վա­յե­լե­ցին հայ մշա­կոյ­թի գե­ղե­ցիկ պա­հեր, ո­րոնք հրամ­ցո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ըն­տա­նի­քին կող­մէ։ ­Կուռ խօս­քը, ա­պա երգն ու պա­րը ի­րա­րու միա­խառ­նո­ւած, հո­գե­կան վե­րել­քի պա­հեր նո­ւի­րե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին ­Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­ւէ­րին եւ ներ­կայ ե­ղան միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 95-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան։

Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տուե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն, Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ստո­ւար թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։ Ե­լոյ­թի սկիզ­բին, ցու­ցադրո­ւե­ցաւ յա­տուկ տե­սաե­րիզ մը, ո­րուն մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Զա­քար ­Քէ­շի­շեան խօ­սե­ցաւ միու­թեան 95-ա­մեայ եր­թին մա­սին, միա­ժա­մա­նակ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան պատ­կեր­ներ ­Հա­մազ­գա­յի­նի աշ­խար­հա­տա­րած կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թե­նէն։

­Յա­ջոր­դա­բար, ե­լոյ­թի եր­կու հան­դի­սա­վար­նե­րը՝ ըն­կե­րու­հի ­Մա­րի ­Տան­կու­րեան եւ ընկ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, հա­մար­ձակ եւ սա­հուն կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան խոր­հուր­դը եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի 95-ա­մեա­կի պատ­մա­կան ու­ղին։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հայ մշա­կու­թա­յին կեան­քին, ո­րուն գլխա­ւոր ար­տա­յայ­տի­չը ե­ղաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նը, ա­պա ու­րո­ւագ­ծե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ միու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ նոր սե­րուն­դի հո­գեմ­տա­յին զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։

Օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, որ իր կուռ խօս­քով լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նադ­րու­թեան գա­ղա­փա­րը, որ­պէս հայ գի­րի եր­կու հսկան­նե­րուն՝ ­Լե­ւոն ­Շան­թի եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի մտայ­ղա­ցում։ Ան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին ­Հա­մազ­գա­յի­նի ու­նե­ցած՝ ի­րա­պէս հա­մազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին, իսկ յա­տուկ նշում ը­րաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի նո­ւա­ճում­նե­րուն եւ հայ գի­րի ու մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման մա­սին գա­ղու­թէն ներս։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը, իր շա­հե­կա­նու­թեան հա­մար, կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Ե­լոյ­թի յու­զիչ պա­հը ե­ղաւ պա­տո­ւոյ յու­շա­տախ­տակ­նե­րու յանձ­նու­մը միու­թեան մէջ ի­րենց ա­ւան­դը թո­ղած նո­ւի­րեալ հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րուն, ո­րոնց­մէ մաս մը ան­դարձ մեկ­նած է։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ձե­ռամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րու, յու­շա­նո­ւէր տրո­ւե­ցաւ հե­տե­ւեալ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն՝ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան, Ս­թաւ­րոս Ա­պա­րեան, Ար­թօ Ա­բար­թեան, ­Ռո­զա ­Պար­սա­մեան, Ա­ւե­տիս ­Պար­սա­մեան, ­Նա­զիկ ­Պար­սա­մեան, Ա­րաք­սի ­Պա­պօղ­լեան, ­Ռե­բե­կա ­Պա­րա­զեան, Սր­բու­հի ­Տէր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Վար­դու­հի ­Մա­նու­կեան, Է­լիզ ­Մար­տի­կեան, Էօ­ժէ­նի ­Մա­ղա­քեան, ­Մէ­րի ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Մա­րի ­Տէ­տէ­յեան, ­Մա­րի ­Հա­ճեան, Եր­ջա­նիկ ­Սո­լա­քեան, ­Թագ­ւոր ­Գա­զան­ճեան, Գ­րի­գոր Գզ­րեան, ­Սի­րար­փի ­Մի­նա­սեան, Հ­ռիփ­սի­մէ ­Գա­րա­մա­նեան, Ան­ժէլ Օ­հա­նեան, ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան եւ ­Յով­սէփ Այ­վա­զեան։

­Բո­լոր պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րը ի­րենց ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցած են ­Հա­մազ­գա­յի­նի մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ՝ վար­չա­կան, երգ­չախմ­բա­յին եւ թա­տե­րա­կան ո­լորտ­նե­րէն ներս։

Ե­լոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը հայ եր­գի ու պա­րի հո­գե­զո­ւար­ճու­թիւն մը հան­դի­սա­ցաւ, որ մե­ծա­պէս խան­դա­վա­ռեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը եւ միա­ժա­մա­նակ ցոյց տո­ւաւ, թէ ­Հա­մազ­գա­յի­նը կը շա­րու­նա­կէ մա­նաւանդ հայ նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցել հայ մշա­կոյ­թի ու ա­րո­ւես­տի թան­կա­գին գան­ձե­րը։

­Բեմ ներ­կա­յա­ցաւ սի­րո­ւած ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով հա­յազ­գի ­Լեֆ­թե­րիս ­Խա­վու­ծա­սը՝ ու­տով, Օ­տի­սէաս ­Զա­ֆի­րո­փու­լո­սը՝ ջու­թա­կով եւ եր­գչուհի ­Վա­սիա ­Զի­լուն։ ­Լա­ւա­պէս խնա­մո­ւած յայ­տա­գի­րով մը, նուա­գա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ­Քէ­լէ-քէ­լէ, Ա­րի իմ սո­խակ, ­Բա­րի ա­րա­գիլ, ­Ղա­րա­բաղ, ­Պա­լե­նի եւ Եար քո բա­րակ եր­գե­րը, ո­րոնք գնա­հա­տո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։ Իս­կա­պէս յայտ­նու­թիւն մըն էր ­Վա­սիա ­Զի­լո­ւի ե­լոյ­թը, որ կա­րո­ղա­ցաւ հայ­կա­կան շուն­չով ու մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ար­տա­յայ­տել եր­գե­րու հնչիւն­ներն ու մե­ղե­դիա­կան նրբու­թիւն­նե­րը։

Ան­գամ մը եւս, բե­մին վրայ յայտ­նու­թիւն ե­ղան ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նօր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րու երկ­սեռ պա­րող­նե­րը։ ­Պա­րու­սոյց­ներ ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նի եւ ըն­կե­րու­հի Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի ու­սու­ցու­մով, մեր տաս­նեակ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հրամ­ցու­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովրդա­յին պա­րե­րու փունջ մը, որ ոտ­քի հա­նեցին հան­դի­սա­տե­սը եւ ու­րա­խու­թեան պա­հեր ստեղ­ծեցին։ ­Բե­մին վրայ ե­րեւ­ցաւ ա­միս­նե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը, որ կ­՚ար­տա­ցո­լայ պա­րա­խում­բե­րու բո­լոր ե­լոյթ­նե­րուն մէջ, պար­գե­ւե­լով հայ պա­րի բա­ցա­ռիկ պա­հեր։ Ե­լոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու հնչու­մով։

­Վարձ­քը կա­տար ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չա­կան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան միա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով պա­տո­ւե­ցին ­Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան պան­ծա­լի 95-ա­մեա­կը։