Աւելի Քան 350 Հայորդիներ Վայելեցին Հայ Երգն Ու Բարձրորակ Արուեստը Եւ Զօրակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 30 Մարտ 2024-ին «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյծ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի արուեստագէտներ Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան` ընկերակցութեամբ «Տը պոյինկ օրքեսթրա»-ին եւ ներկայութեամբ աւելի քան 350 հայորդիներու, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու:

Ճաշկերոյթին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ այսօրուան հաւաքը ինքնանպատակ չէ, այլ, հայ մշակոյթը տարածելու կողքին, նաեւ կը միտի ճաշկերոյթի նիւթական եկամուտով Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին նեցուկ կանգնիլ` յաղթահարելու տնտեսական տագնապները: Հարպոյեան շեշտեց, որ Համազգայինը հաւատարիմ է իր առաքելութեան, եւ այս ճաշկերոյթը միութեան բազմաճիւղ եւ բազմատեսակ գործունէութեան մէկ օղակն է, ուր հայ ժողովրդային-ազգագրական երգը էական ներկայութիւն է: Ան ըսաւ, որ Գեղարուեստի դպրոցներու 840 աշակերտները յոյս կը ներշնչեն` երիտասարդականացնելու միութեան շարքերը եւ շարունակելու մշակոյթի ու ազգային ժառանգութեան պահպանման կարեւորագոյն առաքելութիւնը:

29 Մարտ- 3 Ապրիլ Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան, ինչպէս նաեւ «Տը պոյինկ օրքեսթրա»-ին անդամները, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու ներկայացուցիչներուն, շրջեցան լիբանանահայութեան կառոյցներ` մօտէն ծանօթանալու գաղութի աշխատանքներուն ու առօրեային:

* Ուրբաթ, 29 Մարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, ուր ծանօթացան` կառոյցին, թանգարանին, Պիքֆայայի ապրիլեան յուշակոթողին եւ եկեղեցւոյ: Այս առիթով դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան տուաւ համապատասխան տեղեկութիւններ: Հիւրերը նաեւ հանդիպում մը ունեցան դպրեվանքի աշակերտներուն հետ, որոնք ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, որուն երգեցողութեամբ միացան Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան: Աւարտին հայր սուրբը յիշատակի նուէրներ յանձնեց հիւրերուն:

Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելեց Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր ծանօթացաւ կառոյցին եւ հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան հետ:

* Կիրակի, 30 Մարտին Համազգայինի հիւրերը մեկնեցան Զմմառու վանք, ուր ծանօթացան դպրեվանքին, թանգարանին, եկեղեցւոյ եւ գինեգործարանին: Դպրեվանքի փոխտեսուչ Պետրոս վրդ. Մարաշեան ներկայացուց դպրեվանքին պատմութիւնն ու բաժանմունքը:

* Երկուշաբթի, 1 Ապրիլին պատուիրակութիւնը այցելեց «ԳՈՀԱՐ» գրադարան, որուն պատասխանատուն` Կարօ Տէրունեան, ներկաներուն ներկայացուց գրադարանի երգարաններու, բառարաններու եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու մասին տեղեկութիւններ: Հիւրերը նաեւ առիթ ունեցան հանդիպելու Յարութ Խաչատուրեանին հետ, որուն նախաձեռնութեամբ 7 Յունիս 2012-ին ստեղծուած էր «Գոհար» գրադարանը: Նոյն օրը, գիշերը «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի փորձին ներկայ գտնուեցաւ պատուիրակութիւնը, որուն նուագակացութեամբ պարախումբը ունեցաւ պարային կատարում:

* Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին հիւրերը նաեւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անդամներուն ընկերակցութեամբ Այնճարի մէջ ծանօթացան Այնճարի բերդին, Մուսա Լեռ-Այնճարի հերոսամարտի  ազգագրական թանգարանին եւ Այնճարի արուեստի ցուցասրահին: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ս. Պօղոս եկեղեցի:

* Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին պատուիրակութիւնը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, ուր թանգարանի քարտուղար Նարէ Սաղտըճեան տուաւ համապատասխան տեղեկութիւններ: Ապա ներկաները այցելեցին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ. Ա. կաթողիկոսին: Վեհափառը մեծապէս գնահատեց արուեստագէտներուն ներդրումը ժառանգութեան պահպանման մէջ եւ այս առիթով Համազգայինին նուիրեց արժէքաւոր երգարաններ: Նշեալ հանդիպումին Նունէ Եսայեան եւ Յովիկ Արշակեան երգեցին շարք մը երգեր:

Յայտնենք, որ պատուիրակութիւնը հիւրընկալեցին` «Ճաշարան Արեւ», «Փուռ Իշխանեան», «Փուռ Ղազար», «Կոմիտաս» մասնաճիւղ, Գօգօ եւ Մարալ Եսայեան ամոլը, Սեմ Պալճեանը, Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեան ամոլը, «ԳՈՀԱՐ»-ի Խաչատուրեան ընտանիքը, կաթողիկոսարանի դպրեվանքը եւ Վրէժ Սապունճեան:

Հայրենի պատուիրակութեան այս այցելութիւնները ծանօթացման հասկացողութենէն անդին` նպաստեցին, որ լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ քննարկուին հայ մշակոյթը յուզող խնդիրներ եւ համագործակցութեան կարելիութիւններ: Հանդիպումները նաեւ առիթ հանդիսացան շեշտելու կարեւորութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման: