Միջոցներ՝ Ազատուելու Աւելորդ Մտքերէն, Վախերէն, Քիլոկրամներէն եւ Իրերէն
Շատ պարզ խորհուրդներ, որոնք կ՝օգնեն մաքրելու ձեր տունը, շրջապատը եւ մտքերը․
- Օգտագործեցէք 90%-ի կանոնը– 90%-ի կանոնը կրնայ կիրառուիլ իւրաքանչիւր ընտրութեան կամ երկընտրանքի համար: Գնահատեցէք ընտրանքները 0-100 աստիճանով: Եթէ որեւէ տարբերակ կը ստանայ 90-էն ցած գնահատական, ուրեմն հանեցէք զայն: Նման չափանիշը ձեզի պիտի ստիպէ ընտրելու իտէալական հնարաւորութիւններ, այլ ոչ թէ թոյլ տայ, որ այլ մարդիկ կամ տիեզերքը ատիկա ընեն ձեր փոխարէն:
- Ազատուեցէք աւելորդ «այո»-ներէն– Չկարենալով մերժել մարդոց
մենք կ՝ըսենք «այո» աւելի յաճախ, քան՝ կ՝ուզենք: Առաջադրանքներու ժամանակը անդառնալիօրէն կը ծախսուի, իսկ անոնցմով ուրախանալու զգացումը զերոյական կը դառնայ: Անընդհատ «այո» ըսելու սովորութենէն ազատուելու համար սահմանեցէք որոշ կանոններ: Օրինակ՝
մէկ օրուան
ընթացքին կարելի չէ ըսել այո 5 անգամէն աւելի: - Հանգստացէք– Երբ կը ջղայնանանք, կը վախնանք եւ ճնշուածութիւն կը զգանք, մենք կը սկսինք աւելի արագ շարժիլ: Բայց պէտք է դանդաղիլ, կանգ առնել եւ հանգստանալ: Ատոր համար պէտք է մէկ անգամ յօրանջել, ասիկա ազդանշան կու տայ հանգստանալու համար պատասխանատու ջղային համակարգին, որ վտանգը անցած է, եւ կ’օգնէ հանգստանալուն:
- Վերագործարկեցէք մտքերը- Մեր յիշողութեան մէջ ահռելի ծանրաբեռնուածութիւն կ՝առաջանայ` աշխատանքային խնդիրներ, տնային աշխատանք, հանդիպումներ… Իբրեւ արդիւնք մենք չենք կրնար նոյնիսկ յիշել գնումներու տարրական ցուցակը: Պէտք է անընդհատ թարմացնել ուղեղը եւ վերագործարկել մտքերը:
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան ընտրելու մէկ կէտ պատի կամ թուղթի վրայ եւ ուշադիր նայելու անոր։ Փորձեցէք չշեղիլ ատկէ եւ չմտածել որեւէ այլ բանի մասին: Ամէն անգամ, երբ շեղիք այդ կէտէն, յիշեցէք, թէ ինչն էր շեղելու
պատճառը: Այդպէս կը հասկնաք, թէ որոնք են ձեզի յուզող խնդիրները տուեալ պահուն եւ որ մէկը պէտք առաջինը լուծել: - Կերէք առանց մոլեռանդութեան– Ինչպէ՞ս ճիշդ ուտել, բայց չտանջուիլ սպառիչ սննդակարգերով: Կարիք չկայ կշռելու ձեր սնունդը, հաշուարկելու ջերմուժը կամ ուսումնասիրելու բաղադրիչները. պարզապէս պահեցէք ափսէի
պարունակութեան հաւասարակշռութիւնը: Հաւասարակշռուած պնակի երկու կամ նոյնիսկ երեք քառորդը պէտք է բաղկացած ըլլայ բուսական սնունդէ` միրգեր, բանջարեղէն, հատիկեղէն, սերմեր, ընկոյզ եւ ամբողջական
ձաւարեղէն: Եթէ դուք աշխատիք պնակի այս մասը պատշաճ կերպով լրացնելուն վրայ, մնացած խնդիրները առաջնային չեն ըլլար, իսկ աւելորդ քիլոկրամենրը կը հեռանան: - Ուսումնասիրութիւն իրականացնել ընկերային ցանցերու մէջ– Շատերը ընկերներու ցանկին մէջ ունեն մարդիկ, որոնց հետ չեն ուզեր անընդհատ կապի մէջ ըլլալ: Բայց շատերը անյարմար կը զգում հեռացնելու այդ մարդոց:
Անպայման պէտք է վերլուծել գործողութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ:
Պէտք է հասկնալ` որոնք են շփման համար առաջնայինը, իսկ միւսները կա՛մ ջնջել, կա՛մ դադրիլ հետեւելէ: Ինչո՞ւ: Մեր ուղեղը օրուան ընթացքին շատ տեղեկատուութիւն կը ստանայ եւ այլ մարդոց կողմէ առաջարկուած
տեղեկատուութիւնը կրնայ յոգնեցուցիչ ըլլալ: Կապերը դադրեցնելը պարտադիր չէ, կրնաք պարզապէս կարգաւորել ձեր նորութիւներու պատը եւ ընտրել ճիշդ բովանդակութիւն: