ՀՅԴ Երիտասարդական Կառոյցը Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած է Լոս Անճըլըսի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութեան Դիմաց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց: Երիտասարդները վանկարկած են «Նիկոլն ու ալիեւը նոյնն են», «Արցախը ողջ է», «Նիկոլ դաւաճան», «Արցախը հայկական է», «Ամօթ Նիկոլին», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «ազգ-բանակ-յաղթանակ» լոզունգները։

Ցոյցին մասնակիցները բողոք յայտնած են Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու Փաշինեանի նախաձեռնութեան կապակցութեամբ, Արցախը յանձնելուն, Հայաստանէն տարածքներ յանձնելու անոր վարած քաղաքականութեան դէմ: Անոնք հիւպատոսութեան դարպասներէն կախած են Արցախի Հանրապետութեան դրօշը եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի մեծ բնագիրը:

Երիտասարդներէն մէկը յիշեցուցած է Փաշինեանին, որ այ ժողովուրդին ճակատագիրը կախեալ է ոչ թէ պաշտօն զբաղցնող անձերէն, այլ ժողովուրդի միասնական ուժէն։ «Փաշինեան, մենք կը մերժենք քեզ այնպէս, ինչպէս ալիեւն ու էրտողանը»,- աւելցուցած է ան:

Մանրամասները՝ տեսանիւթով՝

yerkir.am