Հարազատ Հոգիներու Տեսակներ, Որոնց Կը Հանդիպինք Մեր Կեանքի Ընթացքին

Այլեւայլ

-Հարազատ հոգի. Ընկեր։ Երբեմն կը հանդիպիք մէկուն եւ կը հասկնաք, որ ան ձերն է: Այնպիսի զգացողութիւն կ՝ունենաք, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ճանչցած էք զինք, եթէ նո՛յնիսկ ընդամէնը քանի մը վայրկեան է որ հնդիպած էք: Կրնաք ամէն ինչ պատմել իրարու: Կրնաք ժամերով խօսիլ եւ չձանձրանալ: Նման ընկերը կրնայ ձեզ ճանչնալ եւ հասկնալ աւելի՛ լաւ, քան դուք ձեզ, եւ՝ չքննադատել: Եւ ատիկա շատ կարեւոր է:
-Հարազատ հոգի. Յանդուգն։ Հարազատ հոգիները անոնք չեն, որոնք ձեզի աւելի երջանիկ կը դարձնեն: Հարազատ հոգիները անոնք են, որոնք ձեզ կը ստիպեն առաւելագոյնս զգալ, ծայրայեղ զգացմունքներ զգալ: Այդ մարդիկ կը ներխուժեն ձեր կեանք, ձեզ մարտահրաւէր կը նետեն, կասկածի տակ կը դնեն այն ամէնը, ինչով ապրած էք նախապէս: Անկէ ետք ձեր կեանքը կը բաժնուի մինչեւ-ի եւ յետոյ-ի, եւ կը հասկնաք, որ բոլորովին այլ մարդ դարձած էք: Սովորաբար անոնք կ՝ըլլան ռոմանթիկ յարաբերութիւններ, որոնք կը փոթորկեն ձեզ, իսկ յետոյ՝ առանց նախազգուշացման՝ երկինքէն ցած կը նետեն:
-Հարազատ հոգի. Սիրեկան։ Սովորաբար անոնք կարճաժամկէտ, բայց հրաշալի սիրային յարաբերութիւններ կ՝ըլլան։ Հնարաւոր էառաջին սէր կամ կարճ, բայց բուռն սիրավէպ, կամ պարզապէս ազատ յարաբերութիւններ հանճարեղ սիրեկանի հետ: Նման մարդիկ ձեր կեանք կու գան որոշ ժամանակով մը, որպէսզի ձեզ օգնեն հասկնալու նաեւ կեանքի ա՛յլ կարեւոր դասեր: Նման յարաբերութիւնները կը սկսին ո՛չ յանկարծակի, այլ՝ կը զարգանան աստիճանաբար: Նաեւ լաւ աւարտ կ՝ունենան. ամէն ինչէ ետք դուք ընկերներ կը մնաք գիտակցելով, թէ այդ յարաբերութիւնները ինչ սորվեցուցած են ձեզ:
-Հարազատ հոգի. Անծանօթ։ Միշտ որեւէ կարճ, բայց նշանակալի հանդիպում կ՝ըլլայ խորհրդաւոր անծանօթի մը հետ: Հնարաւոր է` պատահական ուղեկից կամ մարդ, որուն հետ ծանօթացած էք մէկ երեկոյի համար, կամ նոյնիսկ պարզ անցորդ, որուն հետ միայն հայեացքով հանդիպած էք եւ քանի մը բառ փոխանակած: Սովորաբար ձեզի կը թուի, որ այդ մարդուն տեղ մը արդէն իսկ հանդիպած էք, բայց չէք կրնար յիշել, թէ՝ ուր: Անցեալ կեանքի՞ մէջ: Սովորաբար այդ մարդիկ կ՝ըսեն ա՛յն, ինչ կ՝ուզէք լսել այդ պահուն, եւ կը հասկնաք, որ այդ պատահական հանդիպումը այնքան ալ պատահական չէր:
-Հարազատ հոգի. Սէր։ Ասիկա հարազատ հոգիի ա՛յն տեսակն է, որուն մասին կ՝երազէ իւրաքանչիւր մարդ: Եւ եթէ ձեր բախտը բերէ, դուք կը հանդիպիք անոր եւ երջանիկ կ՝ըլլաք ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան կը միաւորէ վերը նշուածը. զգացողութիւն, որ ծանօթ էք ամբողջ յաւէրժութիւն մը, անհաւանական կապ, ընկերութիւն, արտասովոր սէր: