Վեց Միտք Ընկերութեան եւ Հասունութեան Մասին

Այլեւայլ

Ընկերութեան եւ հասունութեան մասին այս վեց մտքերը անհրաժեշտ է յաճախ կարդալ ու յիշել՝

1.Ընկերութիւնը ձեր գոյութեան եւ ներողամտութեան ապացոյցն է: Ընկերութիւնը ո՛չ միայն կ՝օգնէ ուրիշի աչքերով ճանչնալու սեփական անձը, այլեւ՝ ընկերները ներելու ուժ կու տայ:

Իսկական ընկերը գիտէ ձեր տանջանքներուն մասին: Ան ստուերի նման միշտ ձեր կողքին է: Եւ մենք սովորաբար՝ տկարութեան եւ հիասթափութեան ժամուն կը զգանք անոնց կարիքը:

2.Իսկական ընկերութիւնը օրհնութիւն է, որ կրնաք հասկնալ մի՛այն կարեկցանքի եւ փոխըմբռնման միջոցով: Ընկերութիւնը կը հիմնուի փոխադարձ ներողամտութեան եւ վստահութեան վրայ: Ի հարկէ, ժամանակի ընթացքին կը բացայայտուին նաեւ ընկերներու թերութիւնները. չէ՞ որ ընկերները պէտք է գիտնան մէկը միւսի խնդիրներուն, դժուարութիւններուն, սխալներուն մասին: Սակայն, իսկական ընկերը՝ քննադատելու փոխարէն, կը փորձէ գտնել անոր դրական կողմերը եւ գնահատել զանոնք:

3. Ընկերութեան բարձրագոյն չափանիշը ո՛չ թէ սեփական անձին կամ ընկերոջ
կատարելագործումն է, այլ այդ գործընթացին մասնակից ըլլալը: Իսկական ընկերը կը տեսնէ իր մտերիմ ընկերներուն թաքնուած հնարաւորութիւնները, կ՝օգնէ անոնց զանոնք բացայայտելու հարցով եւ ուղեկից կ՝ըլլայ այդ հնարաւորութիւններու իրականացման ճանապարհին, որ միայնակ հնարաւոր չէ անցնիլ:

4.Հիասթափութիւններէն, տխրութենէն եւ չարիքէն անհնար է խուսափիլ: Անոնք բոյն կը դնեն մեր հոգիին մէջ եւ ժամանակի ընթացքին աւելի կը մեծնան ու կը խորանան: Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է յաղթահարէ այս փորձութիւնը:

5.Հասունութեան ճանապարհը կ՝անցնի կոտրուած սրտով: Այս կոտրուած սրտին շնորհիւ է, որ մենք կը սորվինք սիրել: Մարդուն հասանելի բոլոր ճանապարհները կ՝աւարտին կոտրուած սրտով:

6.Կոտրուած սիրտը կը յուշէ մեզ, որ այլ ճանապարհ պէտք չէ փնտռել, քանի որ այլ ուղիներ չկան: Ան ցոյց կու տայ, որ մենք միշտ սիրած ենք ու պիտի սիրենք, բայց կու գայ ժամանակ, որ պէտք է նաեւ ազատ ձգենք: