Եկած է Չյանձնուելու, Չլռելու եւ Գործելու Ժամանակը. «Միասին»

Աշխարհ, Հայաստան

«Միասին»  այլընտրանքային, հասարակական-քաղաքական շարժման յայտարարութիւնը

Հազարամեայ Հայոց Արցախին մէջ հասած են հայաոչնչացման նոր կէտին․ ցեղասպանութեան եւ վանտալութեան բացարձակ դրսեւորումներով կը քանդուին եւ կ՝աւերուին, կը կողոպտուին հայերու գոյութեան եւ կենսագործունէութեան հիմնարար հաստատութիւններու խորհրդանիշերը՝ Արցախի խորհրդարանի, Արցախի կեդրոնական դրամատան շէնքերը, նախագահական նստվայրը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ յուշարձանները։ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնը փաստացի ծաղրանքի կ՝ենթարկէ աշխարհի, քաղաքակրթութեան եւ միջազգային իրաւունքի, ժողովրդավարութեան արժէքներու պաշտպան համարուող երկիրներն ու միջազգային կառոյցները՝ յայտարարելով, որ հարցերու լուծման իր նախընտրած միակ ճանապարհը բիրտ ուժի կիրառումն է, ուժի սպառնալիքով հարեւան պետութիւններու ինքնիշխան տարածքներու գրաւումը, բնակչութեան ցեղասպանումը։

«Միասին»  այլընտրանքային, հասարակական-քաղաքական շարժումը կը յայտարարէ, որ ժողովրդավարական եւ իրաւական ճանապարհով ինքնորոշուած Արցախի հարցը չի կրնար այսկերպ լուծուիլ։ Մենք լռելու եւ յանձնուելու իրաւունք չունի՛նք եւ այլեւս պիտի չունենա՛նք։ Ամենէն առաջ կը դատապարտենք ժողովրդավարութեան անուան ներքոյ ՀՀ իշխանութեան ղեկավար դարձած Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր կամակատարներու կառավարութիւնը, որոնք ոչ միայն կը լռեն, այլեւ իրենք անգործունէութեամբ ու անկամութեամբ կը նպաստեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարած իլհամ ալիեւի ցեղասպանական ծրագրերու  իրագործման, Արցախի բռնի ազրպէյճանականացման եւ Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման։

«Միասին»  շարժումը վստահ է՝ Հայաստանի մէջ չեն կրնար իշխանութեան գլուխ մնալ այն ուժերը, որոնց համար ոչինչ են ինքնիշխան ու անվտանգ պետութեան, պաշտպանուած ու անկախ քաղաքացիի, միջազգային իրաւունքի գերակայութեան ժողովրդավարական արժէքները եւ բացարձակ են թշնամիի կամքին յանձնուելու գնով սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահելու ճիգերը։ Այն իշխանութիւնը, որ չի կատարեր ժողովուրդին կամքը, վտանգած է ժողովուրդին կեանքը, պէտք է հեռանայ, եւ Արցախի հարցը կրկին պիտի դառնայ միջազգային ատեաններու մէջ կարգաւորման հիմնահարց, Արցախը պիտի վերադարձնենք հայուն։ Եկած է չյանձնուելու, չլռելու եւ գործելու ժամանակը։

«Միասին»  այլընտրանքային, հասարակական-քաղաքական

շարժման համակարգող խորհուրդ

05․03․2024թ․