Հայկական Աւանդական Համով-Հոտով Ղափամա

Այլեւայլ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Հայկական ազգային բոլոր ճաշատեսակներուն նման՝ ղափաման նոյնպէս ունի ծիսական արարողակարգ: Անիկա կը պատրաստուի Ամանորի կամ Բարեկենդանի ժամանակ: Դատարկ դդումը այն ընդհանուր ամբարն է, որուն մէջ կ՝ամփոփուին անցած տարուան ԱՐԴԻՒՆՔԸ՝ բերքն ու բարիքը, որ ստացած է հայ շինականի ընտանիքը: Գարունը՝ ծանր ու չարքաշ աշխատանքները դեռ հեռու են եւ հայը լիիրաւ ու լիարժէք կը տօնէ ու կը վայելէ իր արդար բերքը: Ղափաման, որ կը պատրաստեն «քաղցրը քաղցրի մէջ», նոյնպէս ունի իր խորհուրդը: Դդումի տարբեր տեսակներ կան, բայց անոնցմէ կ՝ընտրուի ամենաքաղցր տեսակը՝ նարնջագոյնը, արեւի նման մեծ ու կլոր չափերով եւ այս քաղցր «աման»-ին մէջ քաղցրեղէններ կը տեղադրուին՝ մեղր, չամիչ, չիր եւ այլն:

Բաղադրիչներուն բազմազանութիւնը կը խորհրդանշէ ճոխ ու առատ կեանք:

Ղափաման հայկական աւանդական ուտեստ է, որուն պատմութիւնը իր արմատները ունի նախաքրիստոնէական դարաշրջանին, երբ հայերը դեռ հեթանոսներ էին: Բերքահաւաքի ժամանակ հայերը աստուածներուն կը զոհաբերէին տարուան առաջին բերքը։ Զոհաբերութենէն ետք բերքը օգտագործուած է գիւղացիներուն հիւրասիրութիւն պատրաստելու համար։ Այս խնճոյքին ժամանակ պատրաստուող ուտեստներէն մէկը եղած է ղափաման։ Կ՝ենթադրուի, որ այս ուտեստը ծագած է Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջ։ «Ղափամա» բառը բառացի կը նշանակէ «եփած փակ ամանի մէջ»:

Ղափաման կը պատրաստուի ամբողջական դդումով։ Նախ կը հանուի կափարիչը, այնուհետեւ կը դատարկուին մէջի կուտերը, կը մաքրուի եւ կը լեցուի խաշած բրինձով, չիրերով, ընկուզեղէնով, մեղրով ու իւղով։ Կափարիչը փակելէ ետք դդումը կը թխուի ջեռոցի մէջ, մինչեւ բրինձը լաւ եփի ու դդումը փափկի։

Նիւթը՝ haykazmargaryan.wordpress.com

եւ gatapandok.am էջերէն

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը