«Հայկական Դրօշակը Բարձր Պահեցինք»․ Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարիանա Աբրահամեանը եւ Լեւոն Պատեմեանը երկու երիտասարդ հայորդիներ են, որոնք հայկական ընտանիք-տուն կազմած են Հայաստանէն դուրս` Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքը: Մարիանան երիտասարդ երաժիշտ-դաշնակահար է, որ իր ուսումը նախ ստացած է Նորվեկիոյ մէջ, 2014-2016 տարիներուն, ապա հասած է Կլասքօ եւ ստացած մագիստրոսի վկայականը` իբրեւ ընկերակցող դաշնակահար: Ան ապա աւելի կատարելագործած է իր ուսումը, երբ վերջերս ստացած է դոկտորական վկայականը` նոյն մասնագիտութեան մէջ:

Փետրուար 2024, Սկովտիա:

Կը զրուցէի այս երիտասարդ զոյգին հետ, որոնք կեանքին կը նային իբրեւ խոստմնալից հայեր` բարձր իտէալով եւ լաւագոյնին ձգտելու կամքով: Ինչպէ՞ս չունենալ իտէալ եւ կամք, երբ հայեր են` եկած Հայաստանէն, եւ Մարիանային իսկ վկայութեամբ` «Հայաստանը ամէն ինչ է»:

«Ընտանիքիս անդամները հայրենասէր եղած են եւ մեզի փոխանցեցին ազգային ինքնութիւն ու մայրենի լեզու, որպէսզի խօսինք եւ գրենք հայերէն», ըսաւ Մարիանան: Երիտասարդ երաժիշտը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնէ օտարին: Ան երկու անգամ` 2018 եւ 2019 թուականներուն, նուագած է Չարլզ իշխանին (այժմ` թագաւոր) ներկայութեան, երբ մեկնաբանած է Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը: Մարիանային երիտասարդ տաղանդը չէ սահմանափակուած միայն Սկովտիոյ մէջ: Ան եղած է Պուէնոս Այրես եւ Լոնտոն, ուր մասնակցած է հաւաքական համերգներու եւ ներկայացուցած է հայկական ու օտար յօրինումներ:

«Հայկական մշակոյթը մեր ուժն է եւ մեր շարժիչը», ըսաւ Մարիանան: Ան այս մշակոյթով խիզախօրէն մտած է «օտար» կեանքերու մէջ, եւ եթէ հաստատ քայլերով յառաջ կ՛ուզէ երթալ, բայց նոյնքան նաեւ հայը եւ անոր մշակոյթը կ՛ուզէ ներկայացնել: Հոս տեսայ հայ երիտասարդուհին, որ չի բաւականանար միայն իր անձնական յաջողութիւնները կերտելով: Ան կը գիտակցի հայուն յաջողութեան եւ կ՛ուզէ իր բաժինը բերել այս գործընթացին մէջ: «Հայութիւնը իմ մէջս է,- ըսաւ Մարիանան: – Ես հպարտ եմ իմ ազգանունովս եւ միշտ ալ տեսած եմ, որ հայ ըլլալը բազմաթիւ յաջողութիւններ բերած է ինծի»:

Մարիանան մասունքի նման կը պահէ իր հայկական անձնագիրը: «Ես կ՛ուզեմ պահել զայն, նոյնիսկ երբ  ուրիշ քաղաքացիութիւն ալ ստանամ»: Մարիանան երախտապարտ հայն ու հայաստանցի քաղաքացին է: «Իբրեւ երաժիշտ` իմ կատարելագործումս կատարեցի Հայաստանէն դուրս, բայց իմ մասնագիտութեանս հիմքը դրուած է Հայաստանի մէջ», ըսաւ Մարիանան:

Չուշացաւ Մարիանային գոհունակութիւնը եւ արժեւորումը: «Ես սորվեցայ լաւագոյն դասախօսներէն Արմէն Բաբախանեանի շունչին տակ,- ըսաւ ան,- եւ կ՛ուզեմ իմ կատարելագործումս աւելի աշխուժացնել Հայաստանի համար»:

Մարիանան յստակ ըրաւ, որ քաղաքական գործիչ չէ: Այդ մէկը  շատ ակնյայտ էր, քանի կը զրուցէի երիտասարդ դաշնակահար-արուեստագէտի մը հետ, որուն սիրտը կը տրոփէ հայուն մշակոյթով: Սրտի տրոփումներուն մէջէն դուրս կը հանէր իր տաղանդը, որ յստակ կերպով կ՛արտացոլար մատներուն եւ դաշնակին հետ ու անոր վրայ ստեղծուած արուեստով եւ երաժշտութեամբ:

Սակայն Մարիանան ունի տեսակէտ Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Կը ցանկամ Հայաստանի կառավարող ուժի հասունութիւնը տեսնել, որովհետեւ մեզի պէտք է հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջէն շտապ վերականգնիլ եւ շտկել մեր մէջքը,- ըսաւ Մարիանան: – Այս կրնանք ընել` ճիշդ ղեկավարութիւն մը ստեղծելով եւ միասնական ջանքերով»:

Մարիանան կը տեսնէ Հայ եկեղեցւոյ ուժը եւ կը հաւատայ: «Ես կը հաւատամ միասնականութեան, որ կը ստեղծուի եկեղեցւոյ շուրջ,- շարունակեց Մարիանան: «Իբրեւ հայ իմ ուժս կը ստանամ հայկական եկեղեցիէն, եւ եկեղեցւոյ շուրջ պէտք է համախմբուինք»: Մարիանան իմ առջեւս դրաւ իր երազ-փափաքը: «Կ՛ուզեմ տեսնել, որ օր մը Սկովտիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը ունենանք»:

Այսօր Սկովտիոյ մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս երեսուն հայեր: Մեծ թէ փոքր թիւով հայորդիներ` բոլորն ալ պէտք ունին հայկական շունչին, որ հայուն պիտի տայ ապահովութիւն եւ վստահութիւն:

Լեւոնը հանդարտ կերպով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան: Ան համացանցի եւ համակարգիչներու ապահովական ցանցեր իրագործելու մասնագիտութեան եւ աշխատանքներուն մէջ է: Կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը: 2000 թուականէն Լեւոն կ՛ապրի Սկովտիա: Բայց այդ երկար տարիներու սփիւռքեան կեանքը Լեւոնին համար աշխարհագրական եւ ֆիզիքական բնակութիւն եղած է միայն: Լեւոնի հոգին եւ ներաշխարհը Հայաստանն է: «Հայաստանը իմ ծննդավայրս է: Աշխատանքի համար այս երկիրները եկանք: Եթէ պայմանները լաւ ըլլան, կ՛ուզեմ վերադառնալ Հայաստան: Մեր տունն է, մեր լեզուն է», ըսաւ Լեւոն:

Լեւոնը կը փնտռէ, բայց նաեւ կ՛ապրի հայկականն ու հայուն կենցաղը: «Հայ ըլլալը ընկերներուդ վստահիլ է, զանոնք սիրել է: Ընկերներ եւ ընտանիք կապը տարբեր է հայութեան մէջ», ըսաւ Լեւոն:

Մարիանան եւ Լեւոնը նոյնքան կ՛ապրին հայուն` իրենց ցաւը` Ցեղասպանութիւնը: «Կոմիտաս վարդապետը շատ յօրինումներ ունի Ցեղասպանութեան հոգին արտացոլացնող, եւ ես զանոնք կ՛արտայայտեմ իմ արուեստիս ընդմէջէն»,- ըսաւ Մարիանան: – Մեզ զրկեցին մեր հողէն ու մեր պատմութենէն, եւ մենք դարձանք սփիւռք: Բայց մենք վճռած ենք, որ պիտի պահենք մեր ինքնութիւնը», եղաւ Մարիանայի ինքնավստահ հաստատումը:

«Մեզ փորձեցին վերացնել, բայց երբեք չյաջողեցան», եղաւ Լեւոնի մասնակցութիւնը մեր խօսակցութեան: «Հայ ազգը միասնական պէտք է ըլլայ, որպէսզի զիրար պահենք, եւ նոյն պատմութիւնը դարձեալ չկրկնուի», ըսաւ Լեւոն:

Մարիանան եւ Լեւոնը նաեւ կ՛ապրին Արցախի կորուստը եւ անոր ցաւը: «Շատ ցաւ կ՛ապրիմ,- ըսաւ Լեւոն: «Առանց Արցախի` Հայաստանը թերի է», աւելցուց Մարիանան:

Լեւոնը Եռաբլուր չէ եղած, բայց Սկովտիայէն կ՛ապրի անոր մռայլութիւնը: «Եռաբլուրը մռայլ իրականութիւն է: Հայը պէտք է վերացնէ այս մռայլութիւնը», ըսաւ ան:

Հայաստանի «Ալաշկերտ» ֆութպոլի խումբը Կլասքոյի մէջ խաղցած է տեղական Սելթիք խումբին դէմ, եւ այս` եւրոպական մրցաշարքերու խաղացանկի ծիրին մէջ: Աւելի քան 60.000 հանդիսատեսներու մէջ հոն էին նաեւ հինգ հայեր: Եւ այդ հինգ հայերուն շարքին էին Մարիանան ու Լեւոնը:

«Հինգ հայերով վեց հայկական դրօշակներ բարձրացուցինք,- ըսին Լեւոնը եւ Մարիանան: – Անկախ անկէ, որ հայկական խումբը պարտուեցաւ, մենք հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:

Կը նայէի այս հայ երիտասարդ զոյգի դէմքերուն եւ կը հրճուէի` տեսնելով անոնց հպարտութիւնը: Երիտասարդ հայերու հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կը լեցնէր եւ կը լիցքաւորէր անոնց կեանքերը` սփիւռքեան այս  մէկ ծայրամասին մէջ: Անոնք հայկական դրօշակը բարձր պահելով` նաեւ բարձր կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ու տակաւին… Հայաստանը:

Հայուն պատմութեան այս դժուար եւ բախտորոշ օրերու ժամանակահատուածին մէջ հայը պէտք ունի իր հայկական դրօշակը բարձր պահելու: Դրօշակը բարձր պահելով` բարձր կը պահենք մեր հպարտութիւնը, նոյնիսկ երբ ճզմուած ենք: Ու տակաւին, երբ  յուսահատ ու յուսախաբ ենք: Եւ երեւի` կոտրուած:

Եթէ որոշած ենք դուրս գալ այս իրավիճակէն, եւ անպայմանօրէն` այո՛, այդ կը նշանակէ, թէ «մեր դրօշակը բարձր պիտի պահենք»: Իսկ դրօշակը` իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ: Մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Եւ` հպարտութիւնը:

Լեւոնը եւ Մարիանան` երիտասարդ հայորդիները, հեռաւոր Սկովտիոյ մէջ բարձր կը պահեն հայկական դրօշակը: Եւ դրօշակին հետ` իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը: Անոնք հպարտ հայեր են, որոնք չեն ուզեր յուսահատիլ:

«Հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:

Մարիանան եւ Լեւոնը:

Բայց` ամբողջ հայութիւնը: Ես, դուն եւ իւրաքանչիւրս:

Հայուն դրօշակը` հայուն հպարտութիւնը բարձր պահելու պարտականութիւնը եւ անոր հետ ապրելու գրաւականը: