Դէպի Ապագան Նայող Տեսլականով․ «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մօտ եր­կու ա­միս ա­ռաջ, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցինք «Ա­զատ Օր»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան տար­բեր ձե­ւը, ո­րուն հա­մա­ձայն, թեր­թը ա­ռանց ընդ­հա­տե­լու իր օ­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը գա­ղու­թէն ներս, պի­տի ու­նե­նայ ա­մէ­նօ­րեայ ե­լեկտ­րո­նա­յին հրա­տա­րա­կու­թիւն միայն, իսկ Ուր­բաթ օ­րո­ւան թի­ւը պի­տի ըլ­լայ նաեւ տպա­գիր, ա­ւե­լի ճոխ է­ջե­րով եւ նիւ­թե­րով։ ­Միա­ժա­մա­նակ, կը յայտ­նէինք, թէ թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը ու ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ դրած էին հրա­տա­րա­կու­թեան նոր ձե­ւա­չա­փի մը կազ­մու­թիւ­նը, որ քայլ պի­տի պա­հէ մա­մու­լի ա­ւե­լի ար­դի ըմբռ­նում­նե­րուն հետ։

Ա­հա այ­սօր, «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի 100-ա­մեա­կին եւ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող «Ա­զատ Օր»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան 80-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը ի­րենց ձեռ­քին մէջ կը բռնեն 12 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած նոր թիւ մը, բո­լո­րո­վին տար­բեր է­ջադ­րու­մով, նոր տա­ռա­տե­սակ­նե­րով եւ նոր կազ­մու­թեամբ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ա­նոր մէջ լոյս կը տես­նեն ճոխ նիւ­թեր, ո­րոնք կը գո­հաց­նեն մեր ըն­թեր­ցող­նե­րու տար­բեր ճա­շակ­նե­րը։ Այս­պէս, թեր­թը այ­սու­հե­տեւ պի­տի հրա­տա­րա­կուի իր նոր ձե­ւա­չա­փի սահ­ման­նե­րուն մէջ, օ­րա­կան ե­լեկտ­րո­նա­յին 4 է­ջով, իսկ Ուր­բաթ օ­րո­ւան թի­ւը տպա­գիր եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին՝ 12 է­ջով:

­Ժա­մա­նա­կի պա­հանջ էր կա­տա­րո­ւած փո­փո­խու­թիւ­նը։ ­Յա­ճախ անդ­րա­դար­ձած ենք մա­մու­լի դի­մագ­րա­ւած տագ­նա­պին, ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րու տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան, հայ թեր­թի նա­հան­ջին ու նոր սե­րուն­դին կող­մէ դա­սա­կան մա­մու­լի ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան պա­կա­սին։ ­Սա­կայն, որ­քան ալ ձեռ­քի հե­ռա­ձայն­նե­րու կամ այլ ե­լեկտ­րո­նա­յին սար­քե­րու պաս­տառ­նե­րը հրա­պու­րիչ դառ­նան ի­րենց գու­նա­գեղ նկար­նե­րով ու բազ­մա­տե­սակ ճո­խու­թեամբ, կա­րե­լի չէ ա­նոնք հա­մե­մա­տել ու նոյն նժա­րին վրայ զե­տե­ղել տպա­գիր մա­մու­լի ար­ժէք­նե­րուն հետ։ ­Թեր­թը կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ ի­րա­կան լու­րի ու վեր­լու­ծա­կան գա­ղա­փար­նե­րու ա­մէ­նէն ար­ժա­նա­հա­ւատ ու փաս­տա­ցի մի­ջո­ցը, երբ ան­դին, հա­մա­ցան­ցին մէջ, կեղծ լրա­տուու­թիւ­նը ո­ղո­ղած է մար­դոց տե­սա­պատ­կերն ու մտա­ծում­նե­րու աշ­խար­հը, հսկա­յա­կան ա­ւեր գոր­ծե­լով քննա­կան կա­րո­ղու­թեան եւ կար­ծիք ստեղ­ծե­լու մարդ­կա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րուն։

Դժ­բախ­տա­բար, հայ­կա­կան համացանցի ոլորտն ալ ին­կած է կեղ­ծի­քի աշ­խար­հին մէջ, յա­ճախ այ­լան­դա­կո­ւած ու վար­կա­բե­կիչ լու­րե­րու, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը այ­լա­փո­խե­լու, ա­ժան վե­րագ­րում­նե­րու եւ թիւր կար­ծիք ստեղ­ծե­լու ի­րա­րան­ցու­մին մէջ թա­ւա­լած ըլ­լա­լով։

­Միայն ար­ժա­նա­հա­ւատ մա­մու­լը, ո­րուն մէջ նաեւ դա­սա­կան թեր­թը, ան որ յստակ պատ­կա­նե­լիու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, ազ­գի հա­րա­զատ ու­ժե­րու եւ կազ­մա­կերպ կա­ռոյց­նե­րու ա­կուն­քէն կը սնա­նի, կրնայ վա­յե­լել ժո­ղովր­դա­յին ըն­դու­նե­լու­թիւն եւ յար­գանք։

Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ, յու­նա­հայ գա­ղու­թի սի­րո­ւած օ­րա­թեր­թը, որ միա­ժա­մա­նակ կը հան­դի­սա­նայ եւ­րո­պա­կան տա­րած­քի միակ օ­րա­թեր­թը, կը շա­րու­նա­կէ իր ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան ու­ղին, վե­րա­նո­րո­գո­ւած բո­վան­դա­կու­թեամբ ու տես­քով։ ­Միշտ ե­րի­տա­սարդ ու կեն­սու­կակ մնա­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, մեր թեր­թը իր 80-ա­մեայ պատ­մա­կան եր­թի սե­մին, կը վե­րա­նո­րո­գէ իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը իր թան­կա­գին ըն­թեր­ցող­նե­րուն հան­դէպ, հա­յեաց­քը սե­ւե­ռած ըլ­լա­լով ա­պա­գա­յի տես­լա­կան­նե­րուն։

Վս­տահ ենք, որ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը, ան­գամ մը եւս պի­տի գրկեն ի­րենց սի­րե­լի օ­րա­թեր­թը, ինչ­պէս միշտ։  Ա­նոնք ո­րե­ւէ ջանք պի­տի չխնա­յեն մատ­նան­շում­նե­րով, թե­լադ­րանք­նե­րով, գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ եւ ա­ռօ­րեայ կա­պով՝ թեր­թի բա­րե­լաւ­ման ու յա­րա­տեւ­ման, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան հզօ­րաց­ման հա­մար յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս։

­Վա­ղը ե­րե­կո­յեան, մեր թեր­թը պի­տի նշէ իր 80-ա­մեայ եր­թի փայ­լուն ճա­նա­պար­հը, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին։
­Բո­լորս միաս­նա­բար, հա­մա­խումբ եւ հա­մա­տեղ կամ­քով վե­րա­նո­րո­գենք մեր հա­ւատ­քը յու­նա­հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւո­րին՝ «Ա­զատ Օր»-ին, միա­ժա­մա­նակ մեր յար­գան­քի տուր­քը տա­լով «­Նոր Օր»-ի ու ա­նոր ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու վաս­տա­կին։

«Ա­զատ Օր»-ը սոսկ լրա­տո­ւա­կան մի­ջո­ց մը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին մէջ չէ սահ­մա­նա­փա­կո­ւած եր­բեք։ ­Մեր թեր­թի դե­րը գա­ղու­թէն ներս իր ան­փո­խա­րի­նե­լի նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցած է հա­յադ­րոշմ սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման, ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան միտ­քի ձե­ւա­ւոր­ման, հայ­րե­նի աշ­խար­հը վառ պա­հե­լու, մես­րո­պեան գի­րի լոյ­սը սփռե­լու գոր­ծին մէջ։

­Թան­կա­գին այս ժա­ռան­գը եւ ա­պա­գա­յի տես­լա­կան­նե­րը թող ա­ռաջ­նոր­դեն մեր թեր­թի վե­րա­նո­րո­գո­ւած ու­ղին։