Օսմանեան «Թանզիմաթ»ին՝ Հայութեան Վրայ Ազդեցութեան Նուիրուած Հատորին Ներկայացումը ԱՄՆ-ի Մէջ

Սփիւռք

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

«Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, 7 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Թալին Սուճիեան պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութիւնը բարեկարգելու անուան տակ ներկայացուած «Թանզիմաթ»ին՝ հայութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան նուիրուած իր Outcasting Armenians: Tanzimat of the Provinces հատորը։

Միւնիխի «Լուտվիկ-Մաքսիմիլան» համալսարանի Թուրքիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան դասախօս Սուճիեան հատորին մէջ շեշտը կը դնէ յատկապէս գաւառի հայութեան վրայ այս նոր օրէնքներուն ունեցած ազդեցութեան վրայ։

Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Մարթին Ատամեան։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Հայկական Արուեստներու կեդրոնին մէջ (250 N. Orange St., Glendale). մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։