Հայկական Հաց / Լաւաշ

Այլեւայլ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Հացը հայերու կեանքին մէջ

Հացը իր զօրութեամբ դարեր շարունակ եղած է հայերու հաւատարիմ ուղեկիցը: Հայկական լեռնաշխարհին մէջ հաց թխած են դեռ Ք.Ա. 3-2 հազարամեակներուն: Պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են անգամ 4-րդ եւ 3-րդ հազարամեակներուն թուագրուող ցորենի եւ գարիի հսկայական պաշարներ: Հնագէտները կը պնդեն, որ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին մէջ, դեռ շատ շատոնց մարդիկ սկսած են զբաղիլ երկրագործութեամբ եւ ընտելացուցած են հաճար եւ կարծր ցորեն: Այստեղէն պարզ կը դառնայ, որ հին ժամանակներուն հայերը այս հացահատիկները աճեցուցած են ալիւր ստանալու, իսկ այնուհետեւ հաց կամ հայկական լաւաշ թխելու նպատակով: Հայերը հացահատիկը կը պահէին տարբեր տեսակի ամբարներու, շտեմարաններու, կարասներու եւ յատուկ հացահատիկի համար նախատեսուած գետնափոր հորերու մէջ:

հայկական լավաշ

Հայ կանայք երկանքով ցորեն կ՝աղան

Գիւղացիները հացահատիկի բերքը հաւաքելէ ետք չէին շտապեր զայն անմիջապէս ալրաղաց տանելու: Հին ժամանակներուն առաջին բերքը միշտ կը տարուէր եկեղեցի եւ այնտեղ կ՝օրհնուէր: Միայն անկէ ետք գիւղացին կրնար իր բերքը հաւաքել եւ տանիլ ալրաղաց, աղալ եւ յետագային հաց թխել: Սակայն, բերքը օրհնութեան տանելու ժամանակ անիկա պարզապէս փնջած չէին տաներ: Օրհնութեան տանելէ առաջ կը պատրաստէին խաչբուռներ: Անոնք պատրաստելու համար հասկերուն խաչի, յաւերժութեան կեռխաչի կամ կենաց ծառի տեսք կու տային: Կենաց ծառը ինքնին կը հանդիսանար պտղաբերութեան, կեանքի սկիզբի եւ յարատեւութեան խորհրդանիշ:

հայկական լավաշ / խաչբուռ

Խաչբուռ / լուսանկարը՝ Կէան մշակութային կեդրոնի

Հայերու կեանքին մէջ հացի կարեւորութիւնը հասկնալու համար կարելի է ընդամէնը ուշադրութիւն դարձնել այն փաստին, որ հայերը սնունդ ընդունելուն կ՝ըսեն հաց ուտել: Եւ, ի հարկէ, այդտեղէն ալ կու գան բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր՝ «հացով մարդ», «տանդ հացը չպակսի», «թէ կ՝ուզես ճանչնալ մարդը՝ անոր հետ հաց կեր»: Հայերը իրարու աղ ու հացով դիմաւորած են եւ միասին հաց կիսած:

Հացի կարեւորութիւնը կ՝երեւի նոյնիսկ հայկական էպոսի մէջ, երբ Դաւիթը կը կրկնէ «Հացն ու գինին, Տէր կենդանին» եւ այդպիսով ուժ կը ստանայ կռիւէն առաջ:

Հայերը ստեղծած են հացի բազմաթիւ տեսակներ՝ լաւաշ, մատնաքաշ, բաղարջ, անթթխմոր հաց եւ այլն:

Լաւաշ

Բացի պարզապէս հաց ըլլալէ, լաւաշը հայերու կեանքին մէջ կը հանդիսանայ կրօնածիսական եւ պաշտամունքային նշանակութիւն ունեցող մշակութային տարր: Նախ հասկնանք, թէ ուրկէ յառաջացած է հացի «լաւաշ» անուանումը: Լաւաշը հայկական բառ է, որ յառաջացած է զայն պատրաստելու գործընթացէն: Խմորը գրտնակելէ ետք զայն լաւ քաշած եւ բացած են: Այստեղէն ալ յառաջացած է լաւ քաշած, լաւ քաշ, իսկ յետոյ ալ արդէն լաւաշ անուանումը:

Ըստ աւանդութեան հաց թխելու արարողութիւնը կը կատարուէր վաղ առաւօտեան, իսկ կրակը թոնիրին մէջ կը վառէր արեւածագին: Իսկ հաց թխելու գործընթացը կ՝ուղեկցուէր բարի լոյսի օրհնանքներով եւ աղօթքներով: Հին ժամանակներուն լաւաշը թխած են տօնէ տօն եւ մեծ քանակով: Այս գործընթացը յաճախ տեւած է մէկ կամ նոյնիսկ երկու օր: Եղած են նաեւ յատուկ երգեր, որոնք կատարուած են լաւաշ թխելու ժամանակ եւ որոնց միջոցով գովերգած են լաւաշի համը:

Հայկական լավաշ

Հայկական լաւաշ / Լուսանկարը՝ Lavash & Tonir Museum-ի

Աւանդական կենցաղի մէջ հաց թխելը խմբային գործընթաց էր, եւ անձը միայնակ չէր կրնար հաց թխել: Անիկա կը հանիդսանար բացառապէս կանանց զբաղում, եւ կը խուսափէին, որ հաց թխելու ընթացքին թոնրատուն տղամարդ մտնէ, քանի որ ատիկա կը համարէին վատ նշան: Այս խմբային գործին մէջ բոլորին դերերը բաշխուած էին, ամէն մարդ ունէր իր գործը՝ մէկը խմորը կը պատրաստէր, միւսը կը գրտնակէր, միւսը, որ ամենափորձառուն էր, զայն կը խփէր թոնրի շուրթին: Ոչ փորձառուները մասնաւորապէս կը փոխանցէին խմորի գունդերը եւ այդ ընթացքին ալ կը սորվէին աւելի փորձառուներէն:

Հացի թխման արարողութիւնը ունէր 7 խորհուրդ՝ ցորեն աղալը, ալիւր մաղելը, խմոր պատրաստելը, աղ լեցնելը, գունդերու բաժնելը, թխելը եւ շարելը:

Թոնիրէն հանած առաջին հացը կ՝ուղարկէին հիւանդին, որպէսզի ան ուտելով ապաքինուէր եւ նաեւ ուժ ստանար:

հայկական լավաշ

Լաւաշ վաճառողները 1903 թ. / Լուսանկարը՝ Lavash & Tonir Museum-ի

Հին ատեն լաւաշը պատերազմներու ժամանակ հանդիսացած է զինուորներու ուղեկիցն ու պաշտպանը: Մայրերը իրենց ձեռքով կը թխէին լաւաշը, կը չորցնէին զայն եւ կը դնէին զինուորի ուսապարկին մէջ: Իր երկար պահպանութեան շնորհիւ անիկա զինուորները կը փրկէր սովէ:

Հայերը նաեւ սովորութիւն ունեցած են նորահարսի ուսին լաւաշ դնելու, որուն միջոցով ակնկալած են, որ հարսը այդ օճախին հացը պիտի աւելցնէ: Հայկական աւանդական հարսանիքներուն այս սովորութիւնը պահպանուած է մինչեւ այսօր: Հայերը կը հաւատային, որ լաւաշը կը պաշտպանէր նաեւ չար աչքէ եւ բացի նորապսակներու ուսին դնելէ, զայն նաեւ կը դնէին նորածինի վրայ:

Նիւթը՝ https://www.armgeo.am/armenian-lavash/ կայքէջէն,

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Տեսանիւթը՝ ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի