Էշը Կորսնցնողին, Սպառնալիքի Պատմութիւնը․ Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամէն անգամ, երբ Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն Հայաստանի-հայութեան ի նպաստ կեցուածք հնչէ, Ատրպէյճանի ուղղուած դատապարտանքի արդար խօսքեր եւ զգուշացման կոչեր արձակուին,  ըսեն, թէ այսինչը կարմիր գիծ է, եւ Ատրպէյճան (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիա) պէտք չէ անկէ անդին անցնին, ոտնատակ պէտք չէ ընեն Արցախն ու Հայաստանը, ի՞նչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ առածի կարգ անցած պատմութիւն մը, որ մանկութեանս լսած եմ երէցներէս:

Պատմած են թէ հին օրերուն, երբ տակաւին ինքնաշարժ ու նման հրաշալիքներ մուտք չէին գործած մարդոց կեանքէն ներս, ճամբորդ գիւղացի մը, իշուն վրայ բազմած, երեկոյ մը կը հասնի անծանօթ գիւղ մը, կը դիմէ այդ օրերու պանդոկը՝ խան մը, եւ գիշերելու համար ապաստան կը խնդրէ: Խանատէրը բնականաբար կը հիւրընկալէ անծանօթը, սենեակ մը եւ ընթրիք կը տրամադրէ, էշն ալ կը տանին, կը կապեն ախորին մէջ:

Առաւօտուն, ճամբորդը կ’արթննայ, նախաճաշը կ’ընէ, պահանջուած գումարը կը վճարէ առանց սակարկելու, յետոյ կը խնդրէ, որ էշը բերեն, որպէսզի շարունակէ ճամբան:

Գործաւորը ախոր կ’երթայ եւ… ո՜վ զարմանք: Էշը չկա՜յ: Գողցուեր է: Կուգայ, կ’իմացնէ իշատիրոջ, թէ էշը չկայ: Մարդը բնականաբար կը զայրանայ եւ խանին առջեւի հրապարակը ելլելով՝ կրակ ժայթքող աչքերով կը սպառնայ գիւղացիներուն.

– Ձեզի մինչեւ կէսօր ժամանակ կու տամ, որպէսզի գտնէք եւ բերէք էշս: Եթէ չբերէք, ե՛ս գիտեմ, թէ ինչ պիտի ընեմ:

Մարդիկ կը վախնան, մտածելով, որ այս մարդը յայտնապէս «կռնակ ունեցող» մէկն է, որ նման սպառնալիք կ’արձակէ: Կողքի փողոցին մէջ քով-քովի կու գան, խելք-խելքի կու տան, թէ պէտք է անպայման էշը գտնեն, փրկուելու համար վերահաս վտանգէն: Փոքր գիւղ է, բոլորը կը ճանչնան զիրար, գիտեն, թէ քանի՞ իշու գող կայ: Որոշ ժամանակ ետք, կը գտնեն գողը, էշը իրենց առջեւը ձգած՝ կը հասնին խան եւ կ’աւետեն, որ համեստ չորքոտանին գտնուած է: Չքմեղանք՝ «Կ’երեւի թէ լաւ չէինք կապած, կապը քակեր է եւ գացեր է դաշտին մէջ խոտ ուտելու…»:

Մարդը գոհ կը մնայ, գտնողին ալ պարգեւ մը կու տայ եւ իշուն վրայ բազմելով՝ կը պատրաստուի ճամբայ ելլելու: Հրաժեշտէն առաջ, մէկը կը համարձակի մօտենալ եւ հարցնել.

– Բարեկա՛մ, եթէ էշդ չգտնէինք, ի՞նչ պիտի ընէիր, սպառնացիր, թէ գիտե՛ս՝ ինչ պիտի ընես:

-ի՞նչ պիտի ընէի կը կարծես… Քալելով պիտի շարունակէի ճամբաս,- կը պատասխանէ մարդը եւ «չօ՜, չօ՜» ըսելով, էշը ճամբայ կը հանէ:

***

Սիրելի ընթերցողս, Հայաստանի եւ հայութեան տագնապներով կլանուած ազգակիցս: Այս պատմութիւնը զուարճալիքի մը տրամաբանութեամբ մի՛ ընկալեր, այլ անոր մէջ տես մեր ողբերգութեան այն երեսը, որ կը ստեղծուի մեզի ի նպաստ եւ թուրքին ու ազերիին դէմ սպառնալիքներուն եւ զգուշացումներուն լոյսին տակ:

Մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի օրերուն ու անկէ ասդին, եթէ կազմենք հատորը Ատրպէյճանին ու անոր ետին կանգնող մեծագոյն ոճրագործին ուղղուած զգուշացումներուն, պատժական քայլերու ակնարկութիւններուն, հաւանաբար Արագած լերան բարձրութեամբ թղթածրար մը կ’ունենանք (չէ՛, Արարատի մասին մի՛ խօսիք: Անիկա… Հայաստանի չի պատկանիր): Թղթածրարին մէջ տեղ պիտի գտնեն բոլոր այն ԽՕՍՔԵՐԸ, որոնք հաստատեցին Արցախին ուղղուած սպառնալիքները, յետոյ՝ յարձակումներուն եւ ռմբակոծումներուն դէմ զսպիչ արտայայտութիւնները, կառավարութիւններու, բանբերներու, խորհրդարաններու, ՄԱԿ-ի, Միջազգային Ատեանի եւ դեռ՝ քաղաքներու եւ աշխարհատարած կազմակերպութիւններու հնչեցուցած զգուշացումները, ճշդուած կարմիր գիծերը (որոնց նշաձողը գիտէք թէ ո՛ւր հասած է): Վերջերս, թղթածրարը հարստացաւ նորով մը, երբ Եւրոպական Խորհրդարանը կասեցուց ազերի անդամներու անդամակցութիւնը, իսկ Ֆրանսա դիւանագիտական քայլերով հակադարձեց Պաքուի քննադատութիւններուն եւ շփացածի քայլերուն:

Ասոնք վա՞տ բաներ են: Անշո՛ւշտ թէ ոչ: Այդ իրագործումները արդիւնք են տքնաջան աշխատանքի, դիւանագիտական շփումներու: Սակայն բոլոր հանգրուաններուն ալ, անոնցմէ ետք ալ, մենք տեսանք ու կը տեսնենք, որ Ատրպէյճան եւ անոր ետին կանգնող Թուրքիան դրական տեղաշարժի ո՛չ մէկ նշան ցոյց կու տան, ընդհակառակն, մէկը միւսին ետեւէ (փաշինեանական տրամաբանութեան հետեւելով) ասֆալթին կը փռեն սպառնալիքներն ու զգուշացումները, գիտնալով, որ ՆԻՒԹԱԿԱՆ-ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ շահակցութիւնը տեղ մը աւելի ծանր պիտի կշռէ, քան խօսքերով ու բանաձեւերու պատրաստուած ճաշասեղանները: Անցեալի փորձառութիւններն ալ այդ սորվեցուցած են այդ ոճրածին պետութիւններուն:

Բնականաբար չենք կրնար մենք մեզ մխիթարուած զգալ, երբ կը տեսնենք, որ աշխարհը նոյն ձեւով՝ միայն խօսքերով կը հակազդէ պաղեստինցիներու դէմ Իսրայէլի ոճիրներուն (ոճրագործներու ցանկը կրնանք երկարել). հոն ալ խաղաղութեան կոչեր, զգուշացումներ եւ նման ազնիւ արտայայտութիւններ խօսքի համադամներ կը շարեն սեղանին, իսկ կազացիներուն ջարդը կը շարունակուի գրեթէ անարգել, ու ոճրագործը քաջալերա՛նք ալ կը ստանայ:

Զգուշացումներուն եւ սպառնալիքներուն բութ մնալուն մէջ բաժին ունինք նաեւ մենք, որ բողոքի եւ արդարատենչութեան մեր ձայնը, գո՛րծը չենք դրսեւորեր այնպէս՝ որ հասկնալի պիտի ըլլայ աշխարհին: Տեղ մը մէկը ցաւցնելու մասին չենք մտածեր (ցաւցնելը անպայման բիրտ ահաբեկչութիւն չ’ենթադրեր): Տակաւին, բթացնող գործօն է այն, որ Երեւանի իշխանութիւնը՝ հայութիւնը յաչս աշխարհին պաշտօնապէս ներկայացնողը՝ չունի յստակ կեցուածք ու ուղեգիծ, այլ ընդհակառակն, իր հեղհեղուկ ոստոստումներով, ո՛չ միայն շուարումի կը մատնէ նախ՝ մեր ժողովւորդը, նաեւ՝ մեզմով հետաքրքրուողները (որոնք ամէն պատրուակ կրնան գտնել չհետաքրքրուելու), այլ յաճախ միջազգային հրապարակ կու գայ մեր իրաւունքները հարուածող կեցուածքներով: Ատրպէյճանը օր մը կը հռչակուի խաղաղութեան ճամբու ընկեր, ուրիշ օր մը՝ սպառնալիք, երրորդ օր մը՝ Արցախը պատուհասող, Հայաստանը մասնատելու ելած, յետոյ՝ Արցախը բանիւ եւ գործով կը նուիրեն Ատրպէյճանին, կը խոստանան Հայաստանէն ալ նուէրներ տալ, եւ Թուրքիա կը պնդէ, որ Երեւան պէտք է իրականացնէ խոստումները, ընթացք տայ Ատրպէյճանի բոլոր պահանջներուն: Առաջարկներ կ’երթան-կու գան, բոլորն ալ ի վնաս Հայաստանին: Հետեւողական հեղհեղեկութիւնը կը հասնի հոն, որ մէկ օրուան մէջ իսկ, իշխանական մը թշնամին կը կոչէ իր անունով, ուրիշ մը կը փորձէ համոզել, թէ անոր հետ խաղաղութիւնը մօտալուտ է, պէտք չէ Ալիեւի սպառնալիքներուն ականջ տալ, որովհետեւ ան… ընտրապայքար կը մղէ: Չեն անդրադառնար, որ նման կրաւորականութեամբ՝ ջուր կը լեցնեն Ալիեւի «յաղթանակներու երթ»ի ջաղացքին, աւելի եւս կը բթացնեն թմրած ուղեղով հայերը: Ու կարմիր գիծերը անշարժ կը մնան… Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն ասֆալթին վրայ:

***

Այս բոլորը տեսնողներ եւ գործելու տրամադիրներ կան, սակայն ջլատող ազդակները կը մնան տիրապետող: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զգուշացում եւ սպառնալիք ուղղողը ինքզինք դրած է վերոյիշեալ պատմութեան՝ էշը կորսնցնող մարդուն կօշիկներուն մէջ եւ ներքնապէս կ’ըսէ. «Եթէ մեր խօսքերուն ընթացք պիտի չտրուին, մենք ալ քալելով կը շարունակենք ճամբան…»: Եթէ սա ուրիշին համար բացատրութիւն ունի (բայց ո՛չ՝ արդարացում), մեզի՝ հայերուս համար բթացումն ու «անկարող ենք բան մը ընելու» մտածողութիւնը գիտե՛նք, թէ ինչպիսի սպառնալիքներու տակ կը դնեն մեր հայրենիքը, կը ջքացնեն ամէնէն շօշափելի թուացող կարմիր գիծերը:

Իսկ լուծո՞ւմը: Աւելորդ անգամ կրկնենք. ձեռքերու միացումով՝ անատակներուն եւ ժողովուրդը բաժանուածութեան, անգործութեան մատնողներուն հեռացումն է բեմէն, եւ սա միայն առաջին քայլը պիտի ըլլայ խորացող անդունդէն վեր բարձրանալու երթին: