Եթէ Կ՝ուզէք Ձեր Կեանքին Մէջ Որեւէ Բան Փոխել․․․

Այլեւայլ

Երբ կը խօսինք մարդու անձնային աճի, ինքնազարգացման եւ յաջողութեան հասնելու մասին, մենք կը փորձենք առաջին հերթին շեշտը դնել ոչ թէ մարդու գիտելիքներուն, այլ անոր սովորութիւններուն եւ բնաւորութեան վրայ: Մարդու սովորութիւնները կը ձեւաւորեն անոր բնաւորութիւնը, իսկ մարդու բնաւորութենէն կախուած է անոր յետագայ ողջ կեանքը: Եթէ կ՝ուզէք ձեր կեանքին մէջ որեւէ բան փոխել, ուրեմն առաջին հերթին փոխեցէք ձեր բնաւորութիւնն ու սովորութիւնները:

Մենք բոլորս ալ ժամանակ առ ժամանակ կը սխալինք։ Ոչ ոք կատարեալ է եւ ուզենք, թէ չուզենք, որեւէ պահ մենք կրնանք սխալիլ,որեւէ բան այնպէս չենք ըներ կամ ըսեր եւ որոշ ժամանակ անց անոր համար կը զղջանք: Իսկ թէ այնուհետեւ ինչպէս կը պահենք մեզ, կը տեսնենք հիմա: Ընդհանրապէս, շատերու մօտ կարծիք կայ, որ իմաստուն մարդը պէտք է երբեք չսխալի կամ սխալելու պարագային պէտք է իր սխալները երբեք ցոյց չտայ: Բայց իրականութեան մէջ սխալները թաքցնելու, անոնցմէ խուսափելու եւ ընդունիլ չկարողանալու մէջ չէ մարդու իմաստութիւնը, այլ հակառակը` սեփական սխալները ընդունելու եւ անհրաժեշտ պարագային ներողութիւն խնդրելու: Պէտք է գալ հոգեկան եւ մտաւոր այնպիսի վիճակի, որ առանց լրացուցիչ ջանքերու ի վիճակի ըլլանք գիտակցելու սեփական սխալները: Ընդհանրապէս, մարդը ունի ինքնապաշտպանական բնազդ եւ այն բացասականը, որ կապուած է իր հետ, ան կ՝ընդունի շատ դժուար: Պէտք է կարենալ յաղթահարել զայն:

Եթէ որեւէ սխալ կ՝ընէք, առանց վարանելու ընդունեցէք զայն:

Եթէ ոեւէ մէկը վիրաւորած էք կամ վնասած, գիտակցեցէք, որ վատ բան ըրած
էք, ընդունեցէք զայն եւ ներողութիւն խնդրեցէք: Մի լռէք եւ մոռացութեան մատնէք, այլ ուղղակի խոստովանեցէք: Անկէ ետք դուք ձեզ շատ աւելի հանգիստ, մաքուր ու վստահ պիտի զգաք: Դիմացինը նոյնպէս աւելի պիտի գնահատէ ատիկա եւ ձեզ աւելի յարգանքով պիտի մօտենայ, քան եթէ դուք ոչինչ ընէիք: 

Մի ամչնաք սխալներ թոյլ տալէ, ամչցէք զանոնք ընդունիլ չկարենալէն: 

Երբ դուք ձեռք բերէք սխալները ընդունելու այդ սովորութիւնը, դուք
քայլ մը եւս կ՝աճիք ինքնազարգացման եւ յաջողութեան հասնելու ձեր ճանապարհին: