Սպասելով Ամանոր Եւ Հրաշք՝ Հոգեմաշ Զրոյց՝ Անցեալի,Ներկայի Եւ Յոյսի Մասին․ Յակոբ Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

 Ի՞նչ մնացած է հայրենիք կորսնցուցած Արեւմտահայ ժողովուրդէն: Պահ մը կը մոռնամ  սպառողական ընկերութեան պարտադրանքները, որոնք առաջնորդած են ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան նուազուրդի: Ընդունած ենք ուրացման իր անունը չըսող պարտութիւնը, բանտարկուած են մեզմէ դուրս: Կար ժամանակ, երբ հայրենահանուած Արեւմտահայութիւնը ինքզինք կը պահէր որպէս ինքնուրոյն ազգ, մեծ եւ մանաւանդ փոքրիկ կառոյցներով, պարտութիւնները չէր ընդունած, զանոնք չէր համարած յաղթանակ եւ յաջողութիւն:

            Այսօր, անկեղծութեամբ, առանց մենք մեզի հանդէպ հաճոյակատար ըլլալու  եւ ինքնարդարացման ճապկումներու, հարց կու տանք, թէ ի՞նչ ենք ՀԱՅ ըմբռնումին յարաբերաբար եւ ի՞նչ է հայ ազգը՝ ինքնուրոյն ազգերու եւ ժողովուրդներու համաստեղութեան մէջ:Ի՞նչ ենք ՀԱՅՈՒ  ՏԵՍԱԿԱՆ ըմբռնումին յարաբերաբար, ընտանեկան բջի՞ջ, սահմանումի կարօտ ծագո՞ւմ, ժառանգականութին, մշակոյթ՝ որ շարունակականութեան վկայութիւն եւ երաշխիք պէտք է ըլլայ, իրաւունք է եւ յանձնառութիւն: Աւելի պարզ. տարբե՞ր ենք մեր շրջապատէն, թէ՞ ջուրի կաթիլի պէս ենք, նման ուրիշի, ընդունա՞ծ ենք ըլլալ այդպէս:

            Իրականութիւնը ա՞յն է, ինչպէս օր մը «յայտնի» մարդու մը թոռը, իր ինքնութեան մասին ըսաւ.   «Մեծ հայրս հայ էր»… Ի՜նչեր թելադրող անշպար  հաստատում մը:

            Կը մտածեմ ազգապահպան չքացած մեծ ու պզտիկ կառոյցներու, մասին որոնք թերթերու վերտառութիւններ (մանշէթներ) չեն, սնունդ չեն մատակարեր խօսափողներու եւ բեմական ծեքծեքումներու: Կանգ առի Ֆրանսայի հայ գաղութի կամ համայնքի վրայ, Փարիզ, Լիոն, Մարսէյ,  ուր անցեալին կային, եղած են հայկական գրատուներ, տպարաններ: Հիմա՞: Անոնք յիշատակ են: Զանոնք յիշողներ ալ չկան: Նոյնն է Ամերիկայի պարագան, հետզհետէ նաեւ անցեալի ծաղկուն «համայնք»ներու, ինչպէս Պէյրութի եւ Հալէպի, ուր տպարաններ եւ գրատուներ կային, գիրքեր լոյս կը տեսնէին: Ընթերցող եւ գիրք գնող հանրութիւն կար:

            Ամէն հետեւանք պատճառ ունի: Հայերէնը նահանջած է օտար բառերու եւ շարահիւսութիւններու վայրագ ներածումով, զոր համարած ենք յառաջդիմութիւն:: Նահանջած է Արեւմտահայութեան հայերէնը, ան մէկ կողմէ արագօրէն կը փոխարինուի տեղական լեզուներով, հիմա ալ աստիճանաբար նաեւ՝ սովետահայերէնով, սպասելով որ ան ալ անհետանայ, ժամանակ մը ինքզինք պարտադրելէեւ պահելէ ետք՝ որպէս երգի եւ կապկուող  քաղաքական ճառի լեզու:

«Ֆրանսայի հայութիւն»ը տեսութիւն է, անորոշ եւ աճող հարիւր հազարներով: Ան նախկինը չէ, որ կար նոյնիսկ դեռ յիսուն տարի առաջ, գերաճած է Թուրքիոյ գաւառներէն եւ Միջին-Արեւելքէն եկած    նոր գաղթականութեամբ, որ պատշաճած էր, հիմա հասած են նաեւ Հայաստանէն, ընդհանուր բնորոշումով նախկին Խորհրդային աշխարհէն եկած քաղաքացիներ, իրենց պատրաստութեամբ, լեզուով, բարքերով, արժէքներով, ստեղծելով այնպիսի կացութիւն, նահանջած ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆը չի կրնար տոկալ եւ տեւել: Եւ քանի որ այս բազմահազար հայութիւնը չունէր, եւ հիմա ալ չունի, կրթամշակութային հսկուած ընդհանրական կառոյց,     Արեւմտահայերէնի պաշպանութիւնը, գործածութիւնը եւ որպէս մշակոյթի լեզու ըլլալու եւ մնալու կարե-լիութիւնը չնչին է, հակառակ քանի մը հայկական վրաժարաններու, որոնց աշակերտներու թիւը բաղդատած սերունդին,  չնչին է:

            Մարսէյ, Փարիզ, եղած են տպարաններ, լոյս տեսած են հայերէն թերթեր: Հիմա միայն մէկ հայերէն թերթ կայ, հայերէն գիրք վաճառող գրատուն չկայ: Թրեվիզ եւ Մէօսիէօ լը Փրէնս փողոցներու գրատուներն ալ փակուեցան: Կարգ մը կեդրոններու մէջ, ապակեդարաններու ետին հայերէն լաւ շարուած հայերէն գիրքեր կան, բայց անոնք գեղօր են, ապակեդարանները չեն բացուիր: Կարգ մը եկեղեցիներու կողքի սրահներէն մէկուն մէջ, կիրակի եւ տօն օրերուն, կը տեսնէք ցուցադրուած հայերէն գիրքեր: Մի՛ փորձուիք Վարուժան, Պարոնեան, Սիամանթօ, Զարդարեան, Զոհրապ գտնել: Սովորաբար կը գտնէք հայերէն երգերու խտասալիկներ, տեսերիզներ, նաեւ՝ կաճէթներ:

            Ֆրանսայի մէջ փակուեցաւ Մխիթարեաններու Սեւր քաղաքի սերունդներ դաստիարակած Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, եւ հարիւրհազարաւորներու համայնքին համար ան եղաւ կատարուած իրողութիւն:

            Հայ մարդիկ, արմատներու հաւատարմութեամբ, հայերէն գիրքերով գրադարան ունէին իրենց տուներուն մէջ: Անոնցմէ մին, որպէսզի իր գիրքերը աղբաման չդրուին, հայկական նորաբաց վարժարանի մը տուաւ: Այսօր հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ թէ այդ գիրքերը պահուա՞ծ են, ընթերցող ունի՞ն: Ուրիշ մը, այլապէս յարգելի եւ բարերար ազգային մը, օր մը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ իրեն հանդիպիմ, իր բոլոր գիրքերը առնեմ եւ տանիմ, քանի որ ո՛չ իր որդին եւ ո՛չ ալ թոռը այդ գիրքերը պիտի կարդային եւ պահէին: Հալէպ Քրիստափոր գրադարանը կար, որ կիրակի առաւօտները կը բացուէր, երէցներ, իրիտասարդներ, պատանիներ կու գային գիրք փոխ կ’առնէին, չնչին վարձք մըն ալ կը վճարէին: Թերթերը որպէս թերթօն գրական գիրքեր կը հրատարակէին, հայ մարդիկ ամէն օր այդ էջէերը կը կտրէին, խնամքով կը պահէին, կազմարարի կը տանէին, այդ էջերը կ’ըլլային հատոր եւ տեղ կը գտնէին գրադարանի մէջ: Հիմա, բախտաւոր պարագային, առ ի չգոյէ լաւագոյնի, գիրք եւ գրականութիւն կը գտնենք համացանցի վրայ: Ո՞վ կրնայ ըսել եւ գիտնալ թէ ի՞նչ անոնց ընթերցողներու թիւը:

            Հայերէն գիրքը հայ սերունդներու համար ինքնութիւն կերտելու եւ հաստատելու շաղախ էր: Հիմա սերունդները  կը խաղան ֆէյսպուք-եութուպ, այդ ընելու համար ո՛չ հայերէնի եւ ո՛չ ալ այբուբենի կարիք կայ, նորերը կը հետեւին իրենց մայրերու եւ հայրերու լքման ընթացքին: Եւ ղեկավարութիւնները, ամենուրեք, (չ)իմաստուն ամուլ եւ ամլացնող անտարբերութեամբ կը հետեւին: Այս երեւոյթները միթէ՞ մեր նահանջներուն եւ պարտութիւններուն արդիւնքը չեն, վաղուան լքումներու ենթահողը չեն:

            Յաճախ կը յիշեմ ֆրանսացի իմաստունի խօսքը, որ «եսը ատելի է»: Այսօր զանցառութիւն մը պիտի ընեմ: Մանկահասակ թոոնուհիս ըսած է, որ կ’ուզէ հայերէնի ուսուցչուհի ըլլալ: Գրադարանէս հայերէնի բառարան մը հանեցի եւ իրեն տուի, հաւատալով որ երազները կրնան նաեւ իրական ըլլալ, բառարանը՝ ինքնութեան շնչառութիւն:

            Եթէ արթնութեան պահու մը, հայերէն գիր ու գիրք կտակէինք նորահաս սերունդին, ընէինք այնպէս, որ անոնցմով աճին, ըլլան շարունակութիւն, չբաւարարուէինք անվաղորդայն կարգախօսներու աղմուկով, ճաշկերոյթներով, դրամաւաքներով եւ եւ երկու ուղղութիւններով «հայրենասիրական տուրիզմ»ով, որ «հայրենատիրական» չէ:

երով,

            Ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի, Ալէնը, Քեվինը, Մեկանը, Ալեքսիան եւ Քրիսթոֆըրը  չըսեն՝ որ «մեծ հայրս ալ հայ էր»:  Եւ այդ գրել անանուն դարձած քաղքենիներու  տապանաքարին :

            Հայերէն լեզուի բառարան մը, փոխան «Փորշ» ինքնաշարժի երազանքի եւ այդպէս բաներու:

            Կը վերակենդանա՞ն հայկական գրատուները, իրենց հայերէն գիրքերով եւ … ընթերցողներով: Այս մեր հասողութեան տսահմանէն ներս ազգային ազատագրական պայքար չէ՞, որպէսզի զաւակ եւ թոռ դատպարտուած չըսեն՝ «մեծ հայրս ալ հայ էր»…

            Պայքար՝ առանց խօսափողի եւ առանց մէկ օդանաւէ միւսը ցատկելու հեղինակութեան խաղի արշաւի: