Գիւմրիի Մէջ Յարգած են 1988-ի Աղէտալի Երկրաշարժի Զոհերուն Յիշատակը, Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է

Հայաստան

Այսօր, Դեկտեմբեր 7-ին, Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրատեանը, Գիւմրի համայնքի ղեկավար Վարդգէս Սամսոնեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն․ Գ․ Օլիվիէ Տըգոդինյին, ԱԺ պատգամաւորներ, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, հարիւրաւոր գիւմրեցիներ ծաղիկներ դրած են 1988թ.-ի աղէտալի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:

Մինչ այդ՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ձեռամբ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է անմեղ զոհերու յիշատակին: