ազրպէյճանը Ազատ Պիտի Արձակէ 32 Հայ Զինծառայող, Հայաստանը՝ 2 ազրպէյճանցի Զինծառայող․ Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ազրպէյճանի հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ տարածաշրջանին մէջ շատոնց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք եղած է համաձայնութիւն երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու մասին:

Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազրպէյճանի հանրապետութիւնը ազատ պիտի արձակէ 32 հայ զինծառայող:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ պիտի արձակէ 2 ազրպէյճանցի զինծառայող:

Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի Մասնակիցներու խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») հիւրընկալելու նպատակով ազրպէյճանի հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ազրպէյճանի հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս պիտի աջակցին հիւրընկալելու նպատակով ազրպէյճանի հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին: Իբրեւ բարի կամքի քայլ` ազրպէյճանի հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «COP»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար ներկայացուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ազրպէյճանի հանրապետութիւնը պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումներու իրականացման վերաբերեալ՝ մօտ ապագային կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ կ՝ընեն միջազգային հանրութեան` աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի ողջ տարածաշրջանին համար: