60 Քոնկրեսականներ Հայաստանին Անվտանգային Աջակցութեան եւ Արցախցի Տեղահանուածներուն Մարդասիրական Օժանդակութեան Աւելացման Կոչ Ըրած են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ քոնկրեսի զոյգ պալատներու 60 ներկայացուցիչներ, ծերակուտական Ալեքս Փատիլայի եւ ՆՓ անդամ Աննա Էշույի նախաձեռնութեամբ, դիմած են ե՛ւ Ծերակոյտի, ե՛ւ ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարներուն՝ կոչ ընելով ԱՄՆ-ի արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման ակտով 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի չափով անվտանգային աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանին, իսկ ցեղասպանութիւն վերապրած արցախահայութեան՝ յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն։ Սոյն առաջարկը եղած է եկող շաբաթ ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ նախատեսուող ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան յաւելեալ ֆինանսաւորման օրէնսդրական նախագիծին քննարկման ընդառաջ։ Սոյն նախաձեռնութիւնը մեծապէս առաջ մղուած է Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք, որոնց ընթացքին յանձնախումբը իրականացուցած էր համայնքային լայն աշխատանք։

Քոնկրեսականի գրութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ ազրպէյճանական հերթական սադրանքներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ հերթական յարձակման վտանգին. «Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր յարձակումը՝ ներխուժելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ Չարագուշակօրէն, ալիեւը վերջերս հարաւային Հայաստանը անուանեց «արեւմտեան ազրպէյճան» եւ կոչ ըրաւ «ազատագրել»-ու ութ հայկական գիւղերը ազրպէյճանի սահմանին երկայնքով։ Կովկասի համար այս շրջադարձային փուլին, անհրաժեշտ է, որ ԱՄՆ ղեկավարութիւնը զսպէ ազրպէյճանի յետագայ յարձակումը եւ հայերուն հնարաւորութիւն ընձեռէ պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը»:

Նամակը ամբողջութեամբ հասանելի է հետեւեալ յղումով:

Մեկնաբանելով երկկուսակցական գրութիւնը՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան նկատած է. «Մենք շնորհակալ ենք ներկայացուցիչ Էշույին եւ ծերակուտական Փատիլային՝ նախագահ Պայտընին ուղղուած այս կոչին համար, որ ներդրում է Հայաստանի անվտանգութեան գործին մէջ եւ իմաստալից աջակցութիւն Արցախի տեղահանուածներուն։ Նախագահ Պայտընի՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ սխալ կողմ դիրաքաւորման պայմաններով, երբ կը զինէր ազրպէյճանը եւ կը լքէր Արցախը, Քոնկրեսը կ՝աշխուժանայ՝ առաջնորդելով թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի գոյատեւման ուղղուած սպառնալիքներուն ամերիկեան պատասխանը»:

Գրութեան նախաձեռնողներէն ծերակուտական Ալեքս Փատիլան յայտարարած է. «Բերձորի միջանցքի՝ ամիսներ տեւած շրջափակումէն ետք ազրպէյճանի դաժան, անհիմն ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ստեղծած է սարսափելի մարդասիրական ճգնաժամ՝ ստիպելով աւելի քան 100,000 հայերու լքել իրենց տուները։ ԱՄՆ-ն պէտք է քայլեր ձեռնարկէ այս արտակարգ դրութիւնը լուծելու համար: Ես Քոնկրեսի ղեկավարութեան վճռականօրէն կոչ կ՝ընեմ՝ արտաքին օգնութեան փաթեթին մէջ ներառել Հայաստանի անվտանգային եւ մարդասիրական աջակցութիւնը»:

Իր հերթին Ան Էշուն նկատած է. «Ես հպարտ եմ, որ կը համագործակցիմ ծերակուտական Փատիլայի հետ՝ առաջնորդելու Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելուն ուղղուած այս երկկուսակցական ջանքերը: Հայաստանին շտապ անհրաժեշտ է ԱՄՆ օժանդակութիւնը՝ ազրպէյճանի յարձակման դէմ իր ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղական զտումներուն հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու համար»։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կը շարունակէ ամէնօրեայ ջանքերը իր ներկայ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն ծիրէն ներս՝ մասնաւորապէս ազրպէյճանը ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէ զրկելը, ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելը, Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան անվտանգային եւ մարդասիրական օժանդակութեան աւելցնելը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ6

05.12.2023թ.