Արցախեան Դատը Չէ Փակուած․ Տիգրան Ճինպաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ճեպազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան վրդոված պատասխանած է, որ արդէն ութ անգամ յայտարարուած է, որ Արցախի հարց գոյութիւն չունի Հայաստանի համար: Հայաստան վերջնականապէս ընդունած է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը:

Աւելի առաջ, նոյն Ալեն Սիմոնեանը յայտարարած էր, որ Արցախի իշխանութիւններու գոյութեան շարունակումը Հայաստանի մէջ կը հակասէ Հայաստանի ապահովութեան, վտանգ կը հանդիսանայ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան: Ուրիշ խօսքով, եթէ ընդունինք, որ Արցախի իշխանութիւնները շարունակեն գործել, օրինակ ապահովելու համար արցախցիներու վերադարձը որոշ երաշխիքներու առկայութեամբ, Ազրպէյճան կրնայ բարկանալ ու արգելք ըլլալ «խաղաղութեան խաչմերուկի» իրականացման:

Արցախի իշխանութիւնները զգուշ են ու թոյլ չեն տար որեւէ հրապարակային մեկնաբանութիւն Հայաստանի իշխանաւորներու` հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի Արցախի գոյութիւնն իսկ ժխտող յայտարարութիւններուն: Եթէ կայ հակասութիւն, ու չի կրնար գոյութիւն չունենալ, պէտք չէ դրսեւորուի, որպէսզի այս կենսական մարզին մէջ հրապարակ չգայ պառակտումի որոմը:

Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախը Ազրպէյճանի անբաժան մաս յայտարարելէն ետք, հիմա կ՛ըսեն, որ արցախցիներուն կը մնայ իրենց գլխուն ճարը տեսնել: Հայաստանէն որեւէ տեսակի օժանդակութիւն չակնկալեն: Հարցը փակուած է. վե՛րջ:

Երկու ամիսէ ի վեր կը սպասենք գիտնալու համար, որ ի՞նչ կը մտածեն արցախցիները իրենց ապագային մասին: Ի՞նչ պիտի ընեն: Իսկ մենք ինչո՞վ կրնանք օգտակար դառնալ իրենց: Մենք, այսինքն` հայութիւնը Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ: Որոշումը իրենց կը պատկանի. մենք կրնանք միայն խորհուրդ տալ ու օժանդակելու մեր պատրաստակամութիւնը յայտնել:

Ահաւասիկ լաւ լուր մը: Կիրակի, 3 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցեր է Արցախի խորհրդարանի նիստը: Ժողովը գումարուեր է գաղտնի ու առայժմ քննուած հարցերուն ու կայացած որոշումներուն մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չկայ: Կ՛ըսուի միայն, որ ստեղծուեր է աշխատանքային խումբ, որ միջազգային հարթակներու վրայ աշխատանք տանի ապահովելու համար արցախցիներու վերադարձը իրենց բնակավայրերը:

Վերջապէս, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրազեկեցին իրենց գործունէութեան շարունակման մասին: Արցախի հարցը չէ փակուած. պարտութենէն եւ աքսորէն ետք, գաղթական դարձած իշխանութիւնը պատասխանատուութիւն կը վերցնէ գործելու ի խնդիր միջանկեալ լուծումի մը, որ գէթ կ՛ապահովէ արցախցիներու բնակեցումը իրենց հողին վրայ, ինչպէս եղած էր խորհրդային շրջանի տարիներուն:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ժխտողական յայտարարութիւններէ ետք, Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը: Պիտի փորձե՞ն արգիլել սկսող գործընթացը, թէ՞ պիտի հանդուրժեն, որ արցախցիները Հայաստանը իբրեւ խարիսխ օգտագործելով հետապնդեն իրականացումը իրենց կենսական շահերուն: Առայժմ, արձագանգ չկայ: Մաղթենք, որ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ հակասութիւններ չյայտնուին, եւ թոյլ տրուի արցախցիներուն ազատօրէն աշխատիլ ի նպաստ արցախեան դատին, որ մէկ մասն է Հայ դատին:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՛ուզեն աշխատանք տանիլ միջազգային հարթակներուն վրայ: Այդ հարթակները, աւա՜ղ, զբաղուած են Իսրայէլ – Համաս ու Ռուսիա – Ուքրանիա պատերազմներով: Վերջինը կարծես խրուած է դիրքային պատերազմի անվերջանալի ճահիճին մէջ: Իսրայէլ – Համաս հակամարտութիւնը տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներու մահուան պատճառ կը դառնայ ու հանգուցալուծման յոյսեր չի ներշնչեր: Երկուքին ալ պարագային, Միացեալ Նահանգները դաշնակից են կողմերէն մէկուն` Իսրայէլին ու Ուքրանիոյ, եւ կը յայտարարեն, որ պիտի չհանդուրժեն իրենց դաշնակիցին պարտութիւնը: Արդարութեան ու իրաւունքին մասին չէ խօսքը, այլ դաշնակիցը նպաստաւորելու մասին:

Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանան միջազգային հարթակներէն մէկը, կարեւորագոյնը հաւանաբար: Այս հարթակները, որոնք կ՛առաջնորդուին իրենց սեփական շահերով, պիտի լսե՞ն Արցախի հայութեան ճիչը: Արդարութեան կողմնակից պիտի ըլլա՞ն:

Համայն հայութեան պարտականութիւնն է, իրենց բնակած երկիրներուն մէջ, մղելու համաշխարհային հարթակին մասնակից երկիրներուն իշխանութիւնները, դիրքորոշուելու ի նպաստ արցախեան դատին: