Թշնամիի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է
Դեկտեմբեր 4-ին, ժամը 14։35-ի սահմաններուն, ազրպէյճանի ԶՈւ-ն կրակած է Բարձրունիի (Վայոց Ձորի մարզ) հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեանը։