ԱԺ Պետաիրաւական Հարցերու Յանձնաժողովը Դէմ Քուէարկած է Արցախը Այլ Պետութեան Կազմի Մէջ Ճանչնալը Քրէականացնող Նախագիծին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է «Հայաքվե» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնսդրական նախագիծին։

Նախագիծով կ՝առաջարկուի քրէականացել Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմի մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, ժխտելը։

Նախագիծին կողմ քուէարկած 3, դէմ՝ 7 պատգամաւոր։