Արցախցի Երեխաներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս-վաճառք Երեւանի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Նոյեմբեր 25-ին, ժամը 17:00-ին, «Թովմասեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ Dvin Music Hall-ի ցուցասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի Հայաստան տեղահանուած արցախցի երեխաներու նկարներու ցուցահանդէս-վաճառք, որուն հասոյթը պիտի ուղղուի Երեւանի մէջ Ստեփանակերտի մանկական ստեղծագործական կեդրոնի վերաբացման։ 

Օրերս «Թովմասեան» հիմնադրամը արցախցի փոքրիկներու համար կազմակերպած էր նկարչութեան վարպետութեան դաս։ Ծրագիրին մասնակցած 40 երեխայ նկարած է հայրենիքը, հայրենի բնութիւնը, երազանքներն ու նպատակները։ Վարպետութեան դասի ընթացքին երեխային ցուցաբերած են մասնագիտական աջակցութիւն, ինչպէս Ստեփանակերտի մէջ նախապէս գործող մանկական ստեղծագործական կեդրոնի ուսուցիչները, այնպէս ալ հրաւիրեալ նկարիչներ Էլզա Եղիազարեանն ու Արմէն Յակոբջանեանը։ «Մենք վստահ ենք, որ նման նախաձեռնութիւններն անհրաժեշտ ու կարեւոր են՝ նպաստելու փոքրիկ արցախցիների տաղանդի զարգացմանը։ Նրանց ստեղծած իւրաքանչիւր կտաւ վկայութիւնն է անսասան ոգու եւ տոկունութեան։ Այս նախաձեռնութեան հասոյթը կուղղուի վերականգնելու այն ստեղծագործական ներուժը, որը տարիներ շարունակ առկայ էր Ստեփանակերտի մանկական ստեղծագործական կենտրոնում։ Յուսով ենք, որ միջոցառման ընթացքում կկարողանանք վաճառել բոլոր առկայ կտաւները»,- ըսած է հիմնադրամի գործառնութիւններու տնօրէն Իննա Յովհաննիսեան։