Ըմբիշ Մեժլում Մեժլումեանը՝ Աշխարհի Երիտասարդական Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Դիրանայի մէջ ընթացքի մէջ գտնուող Ըմբշամարտի աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան՝ քիչ առաջ Հայաստանի ներկայացւցիչ Մեժլում Մեժլումեանը նուաճած է պրոնզէ մետալ։ Այս մասին կը հաղորդէ abcmedia.am-ը։

Ազատ ոճի 61 քկ քաշային կարգի 3-րդ տեղի համար մենամարտին՝ Մեժլումեանը բացայայտ առաւելութեամբ՝ 11-0 հաշուով առաւելութեան հասած է չէզոք դրօշի ներքոյ հանդէս եկող պելառուս ըմբիշ Իւան Հրամիգայի նկատմամբ եւ նուաճած պրոնզէ մետալը։