Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի 22 Հոկտեմբերին մատուցուած է Սուրբ պատարագ՝ եկեղեցւոյ անուանակոչման օրուան առիթով։ Պատարագը մատուցուած է արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի ձեռամբ։ Եկեղեցւոյ մէջ հայ հաւատացեալները աղօթքներ հնչեցուցած են եւ մոմեր վառած։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի փոխնախագահ Օհաննէս Գաֆուր Օհանեանը յայտնած է, որ անուան օրուան առիթով Պոլիսէն
Տիգրանակերտ ժամանած են հոգեւորականներ, որոնք կատարած են պատարագի արարողութիւնը։

Օհանեան նաեւ նշած է․ «Մեր հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամէն տարի կ՝իրականացուի անուանակոչման օրուան նուիրուած պատարագի արարողութիւն։ Այսօր եւս Սուրբ Կիրակոսի անուանակոչման օրն է։ Կը մաղթեմ այնպիսի աշխարհ, որուն մէջ մահեր եւ յարձակումներ չըլլան։ Տա Աստուած՝ այլեւս չըլլան այնպիսի բախումներ, ինչպէս իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնն է։ Դժբախտաբար անմեղ կանայք եւ երեխաներ կը վիրաւորուին կամ կը մահանան ընդհարումներուն ժամանակ։ Կը մաղթեմ, որ նմանատիպ բախումներ այլեւս չըլլան»։

Արդէն տեւական ժամանակ Սուրբ Կիրակոսի մէջ իբրեւ զբօսավար աշխատող արեւմտահայ երաժիշտ Ուտի Երուանդը թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին շեշտած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ նշանակութիւնը եւ ըսած․ «Մեր այս հնամենի եկեղեցին շատ կարեւոր է Տիգրանակերտի հայերուս համար։ Այսօր մեր եկեղեցւոյ անուան օրն է, եւ այստեղի մեր համերկրացիները մեզի մինակ չձգեցին։ Եկեղեցին լեփ-լեցուն էր։ Ատիկա շատ պատուաբեր է»։

https://www.patronlardunyasi.com/haber/diyarbakir-daki-surp-giragos-ermeni-kilisesi-nde-isim-gunu-ayini/293658

թրգերէնէ թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Akunq.net