Արցախը Մնայուն Ներկայութիւն` ՀՄԸՄ-ի Աշխատանքներուն Մէջ․ Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

2-7 Հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.

Ա.- Պահպանել Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Խորհրդանիշները

ՀՄԸՄ ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է: Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը ան պահպանած է 70 տարի, երբ Հայաստան կորսնցուցած է իր անկախութիւնը: Այսօր, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի Հանրապետութեան կորուստի իրականութեան դիմաց, ՀՄԸՄ իր պարտքն ու պարտաւորութիւնը կը նկատէ տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, այդ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը: Առ այդ, Պատգամաւորական ժողովը առաջադրեց`

1) ՀՄԸՄ-ի բոլոր ակումբներուն մէջ այսուհետեւ Եռագոյնի կողքին պատուել Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:

2) ՀՄԸՄ-ի հրապարակային թէ ներքին բոլոր հանդիսութիւններուն, սկաուտական հաւաքներուն եւ մարզական հանդիպումներուն ծածանել նաեւ Արցախի դրօշը:

3) ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մարզական խումբերը եւ սկաուտական միաւորները իրենց տարազներուն վրայ կրեն Արցախը խորհրդանշող պէճեր:

4) ՀՄԸՄ-ի դաստիարակչական-քարոզչական ծրագիրներուն մէջ հիմնական եւ մնայուն տեղ տրամադրել Արցախին:

Բ.- Հաստատել «ՀՄԸՄ Արցախ Հիմնադրամը

«ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»-ը պիտի հոգայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու կենցաղային անմիջական կարիքները:

Հիմնադրամին եկամուտները պիտի գոյանան.

– ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներու եկամուտներու որոշ տոկոսէն փոխանցուած գումարներէն:

– ՀՄԸՄ-ականներու անդամատուրքերուն վրայ այս նպատակին համար կատարուած յաւելումներէն:

– ՀՄԸՄ-ի համակիր շրջանակին մօտ կատարուելիք ժողովրդային հանգանակութիւններէն:

Գ.- Մշակել Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Փոքրիկներու Համար Ծրագիրներ

ՀՄԸՄ յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու փոքրիկները, անոնց համար մշակելով դաստիարակչական-սկաուտական յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն կատարած էր Արեւմտահայաստանէն Պոլիս ապաստանած գաղթականներու զաւակներուն եւ որբերուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ