Չարեքդարի Վանքը ազրպէյճանական Վանտալութեան Թիրախ

Աշխարհ, Հայաստան

Սոյն թուականի Սեպտեմբեր 19-20 ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած զինուած լայնածաւալ յարձակման իբրեւ արդիւնք Արցախի Հանրապետութեան շարք մը յուշարձաններ յայտնուեցան վտանգի գօտիի եւ ոչնչացման ուղիղ սպառնալիքի տակ։ Այս մասին կը գրէ monumentwatch.org-ը։

Ժառանգութեան հանդէպ անհանդուրժող վերաբերմունքի հերթական դրսեւորումը գրանցուեցաւ Սեպտեմբեր 27-ին, երբ ազրպէյճանցի զինուորականները Մարտակերտ-Քարվաճառ մայրուղիէն ուղիղ նշանառութեամբ կրակ բացին Չարեքդար վանքի ուղղութեամբ (https://www.youtube.com/watch?v=zbYhLbwgEzE):

Չարեքդարի վանքը Թարթառի վերնահովիտի նշանաւոր հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր: Հիմնական կառոյցները կը վերաբերին 12-14-րդ դարերուն, պահպանուած են նաեւ բազմաթիւ խաչքարեր եւ արձանագրութիւններ: Մեր կայքը այս յուշարձանի ամբողջական նկարագրութիւնը կը ներկայացնէ մօտ ժամանակներս:

Մեր արձագանգը

Գրաւուած տարածքին մէջ պարտադիր է մշակութային արժէքներու հանդէպ յարգանքը, իսկ ժառանգութեան նկատմամբ հաշուէհարդարն ու բռնագրաւումը կ՝արգիլուին։

Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան Հաագայի 1954 թուականի համաձայնագրի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը իր 9-րդ յօդուածով կ՝արգիլէ մշակութային արժէքներու ոչնչացման գործողութիւնները թշնամիի վերահսկողութեան տակ գտնուող  տարածքներու մէջ (http://portal.unesco.org/en/ev.php-URL_ID=15207&URL_DO=DO_TOPIC&URL_SECTION=201.html):

Յոյժ կարեւոր է ընդգծել այն հանգամանքը, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատած է, որ գրաւուած տարածքներու մէջ գործող օրէնքները՝ ներառեալ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան դրոյթները, ունին միջազգային սովորութային իրաւունքի (infra Jurisprudence) կարգավիճակ, այսինքն՝ կը գործեն իբրեւ համընդհանուր եւ անշրջանցելի կանոն ու պարտադիր են բոլոր պետութիւններուն համար: