Վերջին 15 Վայրկեաններուն Ստեփանակերտի Մէջ Տասնեակ Պայթիւններ Լսուած են. Բեգլարեան

Աշխարհ, Հայաստան

Վերջին 15 վայրկեաններուն Ստեփանակերտի մէջ լսուած են տասնեակ պայթիւններ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին X-ի մէջ գրած է Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը:

«Ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ Արցախի պաշտպանները ամէն ինչ կ՝ընեն արիւնալի ցեղասպանութիւնը կանխելու համար»,- գրած է ան:

Բեգլարեանը նախապէս գրած էր, որ ազրպէյճանական ուժերը ժամը 19:00-ի սահմաններուն թռիչքային հարուածներ հասցուցած են Մարտակերտ քաղաքի տարածքին եւ Ասկերանի շրջանի գիւղերուն:

«Հրետակոծութիւններն ու մարտերը կը շարունակուին, զոհերու/վիրաւորներու թիւը խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորականներու մէջ կ՝աճի»,- աւելացուցած էր ան: