Խստօրէն Կը Դատապարտենք ազրպէյճանի Հերթական Թշնամական Այս Գործողութիւնը. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին
«Խոր անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ ազրպէյճանը «հակաահաբեկչական գործողութեան» իրականացման կեղծ պատճառաբանութիւններով ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններ սկսած է Արցախի նկատմամբ, հրետակոծութիւններու ենթարկելով Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, թիրախ դարձնելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ Խստօրէն կը դատապարտենք ազրպէյճանի հերթական թշնամական այս գործողութիւնը եւ կոչ կ՝ընենք միջազգային բոլոր կառոյցներուն զսպելու ազրպէյճանի իշխանութիւնները եւ համարժէքօրէն արձագանգել ազրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւններուն»,- նշուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարածած յայտարարութեան մէջ: