Արցախի 6 Համայնքներէ Բնակիչները Տարհանած են
Արցախի 6 համայնքներու քաղաքացիական բնակչութիւնը տարհանած են։ Այս մասին X-ի իր էջով կը յայտնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
Ըստ Ստեփանեանի` տարհանուած են Խրամորթ, Խնապատ, Սառնաղբիւր, Նախիջեւանիկ, Մաճկալաշէն, Ճանկաթաղ համայնքներու բնակիչները։