Համազգայինի Արցախի Գրասենեակը ԲՈւՀ Ընդունուողներու Համար Դարձեալ Հայոց Լեզուի Անվճար Դասընթացներ Կը Կազմակերպէ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն (ԲՈւՀ) ընդունուողներու համար դարձեալ կը կազմակերպէ հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Արցախի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու 12-րդ դասարանի աշակերտները կրկին հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու հայոց լեզուի անվճար դասընթացներուն, որուն իբրեւ արդիւնք կրնան ամրապնդել ունեցած գիտելիքները եւ աւելի արդիւնաւէտ պատրաստուիլ միասնական քննութիւններուն։

Դասընթացները կը վարեն հմուտ մասնագէտներ Նուարդ Բաղրեան եւ Նայիրա Սարգսեան:

Տեղերը սահմանափակ են։ Դասընթացները սկիզբ կ՝առնեն Հոկտեմբեր 1-ին։

Հասցէ` ք.Ստեփանակերտ Կնունեանցներու 17

Հեռ. 097337535 097255358

Դասընթացին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել հետևյալ հայտը: