Երկարաժամկէտ Հեռանկարով Վստահութիւնը Աւելի Մեծ Արժէք Ունի, Քան Մենատիրական Վարչաձեւի Քարիւղին եւ Կազին Վրայ Յոյս Դնելը․ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵՄ վերջին յայտարարութիւնը։ Անոր տարածման ժամանակն ու բովանդակութիւնը արդարացուած չեն՝ հաշուի առնելով Արցախի մէջ շարունակուող մարդկայնական սուր ճգնաժամը։
Անկախ փորձագէտներու եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու բազմաթիւ զեկոյցներ եւ յայտարարութիւններ զգուշացուցած են Արցախի մէջ ցեղական զտումներու ազրպէյճանի շարունակական քաղաքականութեան եւ անոր ցեղասպանական էութեան մասին։ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփոն վերջերս հրապարակուած իր զեկոյցով կը պնդէ, որ կայ «ողջամիտ հիմք» ենթադրելու, որ ազրպէյճանը ներկայիս ցեղասպանութիւն կ՝իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ։ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի ուսումնարանը, ինչպէս նաեւ Genocide Watch-ը նոյնպես քանի մը ահազանգ տարածած են այս ծանր իրավիճակին վերաբերեալ։ ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակումը, որ կը խոչընդոտէ սննդամթերքի, բժշկական պարագաներու եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու հասանելիութեան, կը հանդիսանայ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնագրի եւ ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան բացայայտ խախտում։
Միջազգային իրաւունքի սկզբունքները երբեք չեն ստեղծուած, որպէսզի օգտագործուին իբրեւ գործիք՝ ցեղական զտումներ կամ բնակչութեան դէմ վայրագութիւններ իրականացնելու համար: Այնուամենայնիւ, ազրպէյճանը կը չարաշահէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ որպէս պատրուակ ցեղական զտումներ իրականացնելու եւ բնիկ հայ բնակչութիւնը սեփական հայրենիքէն հեռացնելու համար։ Աւելին, ազրպէյճանը բացօթեայ բանտ ստեղծած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ, ի թիւս այլոց կը կիրառէ սովամահութեան հասցնելու ծրագիր՝ որպէս իր ապակառուցողական քաղաքականութեան իրականացման գործիք։
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին տակ դիւանագիտական բանակցութիւնները մշտապէս հիմնուած եղած են երեք հիմնարար սկզբունքներու վրայ՝ ուժի չկիրառում, ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն։ ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան պարագային Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը ոչ աւելի, ոչ պակաս, հաւասարազօր է անոնց կեանքի իրաւունքին։
Դժբախտաբար, Արցախի մէջ վերջին ընտրութիւններուն վերաբերեալ ԵՄ յայտարարութիւնը կը խրախուսէ ազրպէյճանը իր ապակառուցողական դիրքորոշման մէջ։ Միջազգային հանրութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ պաշտպանելու այն բնակչութիւնը, որ կանգնած է ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ: Այս առումով խորապէս մտահոգիչ է ԵՄ-ի ձախողումը, քանի որ վերջինս կ՝ակնկալէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութիւնը պէտք է ընդելուզուի ազրպէյճանական հասարակութեան։ ԵՄ-ն չ՝անդրադառնար ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող թշնամութեան, վայրագութիւններուն եւ ցեղական զտման, ԵՄ-ն անուղղակիօրէն կը խրախուսէ հայութեան հանդէպ դաժան ճնշումը:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը, իբրեւ համաեւրոպական համայնքային կազմակերպութիւն, խորապէս կը գնահատէ նախագահ Շառլ Միշելի միջնորդական ջանքերը այս խիստ բարդ իրավիճակին: Այնուամենայնիւ, Արցախի մէջ վերջին ընտրութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումը համապատասխանեցնելով ազրպէյճանի դիրքորոշման՝ ԵՄ-ն անուղղակիօրէն կը խրախուսէ ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ։
Իբրեւ ԵՄ քաղաքացիներ, մենք մեր ղեկավարութեան կոչ կ՝ընենք վերանայելու ԵՄ դիրքորոշումը այս հարցով։ Իբրեւ պատրուակ միջազգային իրաւունքի սկզբունքի օգտագործումը՝ բնիկ բնակչութիւնը ազրպէյճանի նման բռնապետութեան ողորմութեան մղելու համար, լաւագոյն պարագային անխոհեմ քայլ է, որ իր էութեամբ պատասխանատուութիւն կ՝ենթադրէ: Երկարաժամկէտ հեռանկարով վստահութիւնը աւելի մեծ արժէք ունի, քան մենատիրական վարչաձեւի քարիւղին եւ կազին վրայ յոյս դնելը, յատկապէս, երբ այդ միջոցները լաւագոյն պարագային կրնան բաւարարել ԵՄ-ի ընդհանուր սպառման 4 տոկոսէն պակասը:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
14.09․2023թ․