
Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ին Կոչ Կ՝ընէ Հասնելու Բերձորի Միջանցքի Բացման
Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ ԵԱՀԿ-ին հասնելու Բերձորի միջանցքի բացման։ Այս մասին, ըստ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութեան X-ի, յայտարարած է կազմակերպութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանը։
«Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յանձնարարութեամբ Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ ԵԱՀԿ-ին հասնելու Բերձորի միջանցքի անյապաղ բացման եւ կ՝ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կարիքները բաւարարելու համար անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը»,- ըսած է Ֆրանսայի դեսպանը։