Անհրաժեշտ է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Ստանձնէ Արցախահայութեան Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը․ ԱՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի ներկայ պայմաններուն մէջ աշնանային եւ ձմեռնային շրջանին մարդոց գոյութիւնը բացարձակապէս անհնար պիտի ըլլայ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

Ան նկատած է, որ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ութամսեայ շրջափակումը կը վկայէ, որ պաքուի պնդումները հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման պատրաստակամութեան մասին կեղծ են եւ անհիմն:

«Ստեղծուած պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է, որ միջազգային հանրութիւնը ստանձնէ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ուղղակի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերէ։ Այդ սկզբունքը նախապէս կիրառուած է, ինչպէս՝ Ռուսիոյ կողմէ, երբ վերջինս կը ճանչնար Աբխազիան եւ Հարաւային Օսիան, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի կողմէ՝ Քոսովոյի պարագային»,- նշած է ան։

Ստեփանեան համոզուած է, որ այսպէս կոչուած ընդելուզումը կը յանգեցնէ արցախահայութեան ցեղական զտման, ուստի Արցախի իշխանութիւններուն որոշումները պէտք է բխին այդ տրամաբանութեան ըմբռնումէն։

«Կը կարծեմ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին այսօրուան քննարկումները կապուած պիտի ըլլան մարդասիրական հարցերու, Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութեան եւ Միջազգային դատարանի որոշումներու կատարման հետ։ Թէեւ պաքուն պիտի փորձէ օրակարգը տեղափոխել քաղաքական հարթութիւն։

Փոքր յոյս կայ, որ բանաձեւ կ՝ընդունուի, որ կը պարտաւորեցնէ պաքուին ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը, սակայն այս պարագային ալ ազրպէյճանը կրնայ չկատարել այդ որոշումը։

Հետեւաբար, այս պարագային անկէ ետք պիտի ստեղծուին բոլոր հիմքերը «անջատում յանուն փրկութեան» բանաձեւը կիրառելու համար։ Կը կարծեմ ՝ ատիկա կը գիտակցի նաեւ ազրպէյճանը»,- եզրափակած է ան։