Այն Ինչ Այսօր Կը Կատարուի Արցախի Մէջ՝ Ցեղասպանութեան Նախատիպն Է․ Զարմիկ Պողիկեան (տեսանիւթ)
Հալէպի մէջ բնակող հայերուն համար ամենակարեւորը արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է։ Alpha News-ի ուղիղ եթերով այս մասին ըսած է Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան։
«Մեզի համար շատ կարեւոր է Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն ու պահպանումը, որովհետեւ ապրելով իր պատմական բնօրրանին մէջ՝ Արցախի ժողովուրդը պէտք է իրաւունք ունենայ ապրելու նուազագոյն կենսական պայմաններով, իրաւունք ունենայ մայր Հայաստանի հետ կապ ունենալու»,- ըսած է ան։
Զարմիկ Պողիկեանի համոզումով՝ Արցախը այսօր ազրպէյճանի կողմէ կ՝ենթարկուի ոչ միայն քաղաքական ճնշման, այլ նաեւ՝ ցեղասպանութեան։
«Արցախը այսօր կ՝ենթարկուի ազրպէյճանի կողմէ բռնութեան, որ ոչ թէ պարզապէս քաղաքական ճնշում է, այլ ուղղակի կը սպառնայ մարդոց ապրելուն, ցեղասպանութեան նախատիպն է այն, ինչ այսօր կը կատարուի Արցախի մէջ»,- արձանագրած է «Գանձասար»-ի խմբագիրը։