Արցախի Հայերուն Օգնելու Սպանիոյ Որոշումը ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն «Ապակառուցողական» Անուանած է

Աշխարհ, Հայաստան

ազրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած է Ռուսիոյ մէջ Սպանիոյ դեսպանատան որոշման՝ աջակցիլ Արցախէն Հայաստան տեղահանուած 250 ընտանիքի։

«Տարօրինակ է տեսնել, թէ ինչպէս երկիր մը, որ կը պայքարի իր տարածքին մէջ անջատողականութեան դէմ, միաժամանակ կ՝աջակցի անջատողականութեան այլ երկիրներու մէջ:

Անընդունելի է Սպանիոյ կողմէ «ազրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ Հայաստանի կողմէ հաստատուած անօրինական անջատողական վարչաձեւի խրախուսումը»: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այս ապակառուցողական մօտեցումը»,- ըսուած է ազրպէյճանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ։