ԱՄՆ Քոնկրեսի 54 Ներկայացուցիչ Ճօ Պայտընէն Կը Պահանջեն Դադրեցնել Ռազմական Օգնութիւնը ազրպէյճանին Եւ Աջակցիլ Արցախին

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի 54 ներկայացուցիչ՝ քոնկրեսական Պարպըրա Լիի գլխաւորութեամբ, նամակ յղած են պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին՝ պահանջելով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն դադրեցնել ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին եւ աջակցիլ Արցախին։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

«ԱՄՆ Քոնկրեսի 54 ներկայացուցիչ, քոնկրեսական Պարպըրա Լիի գլխաւորութեամբ, նամակ յղած են պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին ՝ պահանջելով Ճօ Պայտընի վարչակազմէն դադրեցնել ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին եւ աջակցիլ Արցախին ու դէմ հանդէս գալ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակմանն ու հակահայկական կեցուածքին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։