Կարինի Մէջ Հակահայկական Կեդրոն Բացուած է
Այժմեան թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Կարինի (թրգ․ Էրզրում) մէջ՝ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի անուան տակ՝ բացուած է հակահայկական կեդրոն։
Վկայակոչելով թրքական Anadolu-ն՝ News.am-ը կը հաղորդէ, որ Կարնոյ մէջ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի բացման ընթացքին բոլոր ելոյթները վերաբերած են իբր հայերու կողմէ թուրքերու կոտորածներուն։
Օրինակ, Կարինի քաղաքապետը պնդած է, թե իբր դարասկիզբին հայերը Կարինի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ կոտորած են 50 հազար թուրք։
Իր հերթին, հակահայկական քարոզչութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Էրօլ Քիւրքչուօղլուն յայտարարած է, թէ նորաստեղծ կեդրոնին մէջ հաւաքուած է հայերուն կողմէ թուրքերը ցեղասպանութեան ենթարկելու մասին բազմաթիւ ապացոյցներ ընդգրկող 9500 գիրք։