
Ատիկէի Մարզպետը Այցելեց Գոքինիոյ Հայկական Հաստատութիւնները
Յունահայ գաղութի հաստատութիւնները այցելելու ծիրէն ներս, Ատիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս այս անգամ գտնուեցաւ Գոքինիա, ուր առաջին հերթին այցելութիւն տուաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարան։ Անոր կ՝ընկերակցէին փոխմարզպետ Սթ. Անտոնաքու եւ իր խորհրդականը՝ ընկ. Պօղոս Չոլաքեան։
Դպրոցին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի անդամ ընկ. Սերգօ Մանկոյեանի, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամներ ընկ. Ազնիւ Աճէմեանի եւ Մարի-Ռոզ Գէորգեանի, Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Արմենուհի Սիմոնեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութեան անդամ եղբ. Վազգէն Սավուլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի ընկ. Հայկանուշ Մինասեանին եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Քիրազեանի կողմէ։
Մարզպետը առիթ ունեցաւ մուտք գործելու դասարաններէն ներս եւ զրոյց ունենալու աշակերտութեան հետ, որոնք պատասխանեցին իր հարցումներուն եւ անդրադարձան իրենց դասաւանդութեան նիւթերուն։ Տնօրէնուհին ներկայացուց վարժարանի յարակից մասերը եւ պարզեց վարժարանի առաքելութեան ու անոր գրեթէ մէկդարեայ պատմութեան հանգրուանները։ Մարզպետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց դպրոցին առնչութեամբ, դրուատելով յունահայ համայնքի եւ անոր կառոյցներու ջանքերը հայեցի կրթութիւն ջամբելու հայ նոր սերունդին, պահպանելով լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային դիմագիծը։ Ան եւս խօսեցաւ յոյն ժողովուրդի ցուցաբերած աջակցութեան մասին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, ապա նշեց, թէ իր ծրագիրներուն մէջ ներառնուած է այցելութիւն Հայաստան։ Ան նաեւ մարզպետութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատարելու վարժարանի կարիքներուն։
Յաջորդաբար, մարզպետը եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս. Յակոբ եկեղեցի եւ դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Սերգօ Արապեանի եւ ատենադպրուհի Լուսի Հաննէեանի կողմէ։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան ու հոգեւոր կեանքին։ Մարզպետի վերջին այցելութիւնը եղաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցի, ուր առիթը ունեցաւ զրուցելու վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի հետ եւ ծանօթանալու համայնքի կեանքին։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»