«Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակ

Սփիւռք

«Գանձասար»

Ուրախութեամբ կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, թէ քուէթաբնակ հալէպահայ  բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ աշակերտները:

Պետական լրացուցիչ քննութիւններուն արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, պիտի կատարուի յիշեալ մրցանակին բաշխումը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ձեռամբ։

Յիշեցնենք, որ բարերար Կիրակոս Գույումճեան 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանէն ի վեր քաջալեր հանդիսանալով հալէպաբնակ հայ ուսանողին, իր նպաստը կը բերէ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը շնորհելով պաքալորիայի պետական քննութեան նախ առաջին բարձրագոյն նիշը ապահովող, ապա՝ վերջին տարիներուն, առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ աշակերտներուն: